Հայ Աւետ. Կեդր. Բարձրագոյն Վարժարանի 90-Ամեակի Ճաշկերոյթ

Տարեմուտին գեղարուեստական հանդիսութեամբ մը ազդանշանը կը տրուէր վարժարանի հիմնադրութեան 90-ամեակի ձեռնարկներու շարքին:

Օրին, վարժարանի տարբեր դասարաններու աշակերտներ մատուցին կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընդմէջէն կը յայտնէին իրենց սէրն ու խայտանքը, գուրգուրանքն ու երախտագիտութիւնը հանդէպ իրենց վարժարանին:

Բնական հետեւութեամբ մը, ընդհանուր ծրագիրին նաեւ մաս կը կազմէր հանդիսաւոր ճաշկերոյթի մը կազմակերպումը, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 27 ապրիլ 2012-ի, երեկոյեան, «Լօ Ռուայալ» պանդոկին «Ազուրիա», շքեղ սրահին մէջ, ներկայութեամբ հայ վարժարանի առաքելութեան ու կոչումին հաւատացող եւ քաջալեր հանդիսացող հայորդիներու:

Հարկ է նշել, որ ակնյայտ էին ծառայասէր փաղանգի մը մատնահետքերը, որոնք յետ բծախնդիր ծրագրաւորումի եւ հետեւողական աշխատանքի` լծուած էին սոյն ճաշկերոյթի կազմակերպման եւ իրականացման:

Փաստօրէն, այս պատեհ առիթով կազմուած յանձնախումբին առընթեր, տնօրէնութեան, աւետարանական եկեղեցիներու հովիւներու, վարժարանի հոգաբարձութեան, ծնողաց յանձնախումբին, շրջանաւարտից միութեան, բարերարներու, բարեկամներու եւ ծնողներու պատկառելի թիւով ներկայութիւնը ըստ ամենայնի ողջունելի էր:

Նամանաւանդ հոգեպարար եւ յիշատակելի էր ներկայութիւնը Գէորգ Արապեանի, որ հայաշունչ եւ օրինակելի գիտակցութեամբ մը ստանձնած էր սոյն ձեռնարկի հովանաւորութիւնը:

Յայտնապէս ուշագրաւ էին այս առիթով պատրաստուած գրքոյկն ու իւրաքանչիւրի բաշխուած յիշատակի նուէրները:

Ճաշկերոյթին ողջունի խօսքով հանդէս եկաւ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան: Ան առանձնապէս շեշտեց այն իրողութիւնը, թէ հայութիւնը երանելի ժողովուրդ մըն է, որ կարողութիւնն ու իմաստութիւնը ունեցաւ իր ամէնէն դաժան պահուն իսկ նայիլ դէպի ապագան, կարենալ շարունակելու համար իր հաւաքական կեանքը: Ան շարունակեց ըսելով, թէ եղեռնէն հազիւ ճողոպրած հայութիւնը, ուզեց պահ մը մոռնալ իր անասելի ցաւերը, տոկալ եւ ստեղծել այնպիսի կռուաններ, որոնք պիտի կարենային զինք պահել ու պաշտպանել:

Ըսուածին լաւագոյն փաստը, դիտել տուաւ ան, մեր մեծ հայրերուն կողմէ 1922-ին հիմնումն էր այս վարժարանի,  որ արդէն իսկ ըստ արժանւոյն կը տօնակատարէ իր իննսուն ամեակը, հանդիսաւորապէս, արժանահաւատ գիտակցութեամբ եւ դէպի ապագայ նայելու խոր վճռակամութեամբ:

Վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան ի սրտէ ողջունեց ներկաները, որոնք եկած էին վերանորոգելու իրենց հաւատքն ու յանձնառութիւնը հանդէպ հայ վարժարանին, որուն առաքելութեան առանցքը կը կազմէ` իրերայաջորդ սերունդներու մարդկային ու  հայեցի դաստիարակութիւնը:

Իր կարգին, վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան աղօթքով մը իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց ներկաներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նուիրումով,  ծառայասիրութեամբ եւ նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ կը սատարեն հայ վարժարանի  գոյատեւումին եւ վերելքին:

Ի դէպ, վարժարանի շրջանաւարտ եւ հեզահամբոյր բարեմասնութիւններով օժտեալ Կարօ Ակոբեան ձեռնհասօրէն կատարեց իրեն վստահուած օրուան հանդիսավարութիւնը:

Վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Տէյիրմէնճեան իր խօսքին մէջ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ վարժարանի պատմականին, անցած ուղիին եւ արձանագրած պատուաբեր յաջողութիւններուն: Ան յատկապէս այս առիթով յիշեց բոլոր անոնց, որոնք տասնամեակներ շարունակ իրենց մտքի ու հոգիի լոյսը փոխացած են իրերայաջորդ սերունդներու:

Ան ողջունեց ներկաները եւ իր անհուն երախտագիտութիւնը յայտնեց վարժարանի բոլոր բարերարներուն, առանձնացնելով ԿԲՎ-ի Միացեալ Նահանգներու շրջանաւարտից միութիւնը, որ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ վարժարանի օժանդակութեան, պահպանումին ու յաջողութիւններու ձեռքբերման ի խնդիր:

Մարալ Տէյիրմէնճեան յատկանշական նախաձեռնութեամբ մը յուշանուէր-ներով պարգեւատրեց բոլոր բարերարները, իրենց մարդկային ու ծառայասէրի բարեմասնութիւններուն համար:

Այս առումով, յիշարժան եւ ոգեշնչող պահ մը հանդիսացաւ Գէորգ Արապեանի յուշանուէրով պարգեւատրումը: Օրուան բարերարը իր արտասանած սրտի խօսքով` վեր առաւ հայ վարժարանի անփոխարինելի արժէքն ու դերակատարութիւնը եւ կոչ ուղղեց` անմնացորդ կերպով սատարելու անոր գոյութեան:

Ան իր հայաշունչ ու ազնուասիրտ պատգամին ընդմէջէն ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, թէ հայ մանուկն ու պատանին, միա՛յն հայ վարժարանին մէջ է, որ պիտի կարենայ սորվիլ իրենց մայրենին ու պատմութիւնը, դաստիարակուիլ հայկական շունչով եւ հաղորդ դառնալ նախնեաց փառաւոր ժառանգին: Ան դատապարտեց օտարամոլ ու ապազգային ամէն երեւոյթ եւ հայ ծնողքը հրաւիրեց ողջմտութեամբ կատարելու իր պարտաւորութիւնը` իր զաւակը յանձնելով հայ վարժարանի խնամքին ու հայեցի դաստիարակութեան:

Գէորգ Արապեան խորապէս գնահատեց Հայ Աւետ. կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի քրիստոնէավայել եւ հայատրոփ առաքելութիւնը:

Երեկոյթին գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը: Հայկական եւ օտար երգերու մատուցմամբ հանդէս եկան հանրածանօթ ու սիրուած արուեստագէտներ` Գէորգ Պէպէճեան եւ Սարօ Փանոսեան, նուագակցութեամբ` Սեդօ Պաղտասարեանի:

Իսկ վարժարանի նուագախումբը, որ կը բաղկանար աշակերտներէ եւ շրջանաւարտներէ (Լոռի Պիլալեան-սրինգ, Լոռի Եագուպեան- սրինգ, Շահան Քիլաղպեան-սաքսոֆոն, Յակոբ Հարֆուշեան-դաշնամուր) մատուցին Արամ Խաչատուրեանի  «Վալս»-ը եւ Ռոպէրթ Ամիրխանեանի «Երազ իմ երկիր»-ը:

Ճաշկերոյթի աւարտին տեղի ունեցաւ 90- ամեակի կարկանդակի հատում:

 

Share this Article
CATEGORIES