Նոր Հրատարակութիւններ. Օրհան Փամուքի «Ձիւնը» Հատորը Հայերէն

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Թուրք այլախոհ մտաւորական, գրող, Նոպէլեան գրական մրցանակի դափնեկիր Օրհան Փամուքի «Ձիւնը» գիրքը (459 էջ), հայերէնի թարգմանուած լոյս տեսաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն` մեկենասութեամբ Համազգայինի հրատարակչատան ֆոնտին:

Այս ծաւալուն հատորին թրքերէնէ թարգմանութիւնը կատարած է Յակոբ Սողոմոնեան: Խմբագիրն է Ֆելիքս Մելոյեան:

Դասական վէպ մըն է, Կարս քաղաքի մէջ տիրապետած ընկերային, քաղաքական, թրքական բարքերու, սովորութիւններու, ուր տիրապետողն է մարդասպանութիւնը, անբարոյութիւնը, խաբեբայութիւնը: Կեղծիքը, որոնց կ՛անդրադառնայ հեղինակը` Օրհան Փամուք, պարզ ու հիւմըրով պարուրուած լեզուով ու ոճային իւրայատկութեամբ: Պատմելու հիանալի լեզու մը, որ կը ստիպէ ընթերցողին` շարունակելու  պատմութիւնը հասկնալու փափաքով:

Հայաստանի մէջ հրատարակուած այս հատորը տպուած է մեսրոպեան ուղղագրութեամբ, որ կը դիւրացնէ ընթերցումը:

Հետաքրքրական է ու զարմանալի, թէ հեղինակը թուրք մը ըլլալով` քաջութիւնը ունեցած է իր գրականութեամբ ձաղկելու Թուրքիոյ ընկերային, մշակութային, քաղաքական, ընտանեկան թերութիւնները, տգիտութիւնը` ժողովուրդին: Հեղինակը չի վարանիր ակնարկութիւն ընելու լաչակով, գլուխը ծածկուած պարման աղջիկներու դիմաց յարուցուած արգելքը` դպրոց չերթալու:

Ժողովուրդին դատին նպաստող գիրք մը, որուն ընթերցումը գոհունակութեամբ կ՛ընկալուի:

Օրհան Փամուք երկու տարի առաջ այցելած էր Լիբանան, հիւրը եղած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. հայրապետին: Այս այցելութեան ընթացքին Օրհան Փամուք դասախօսութիւններ ներկայացուց մեզի, անդրադառնալ Ցեղասպանութեան, Հայ դատին: Ան փոխանցած էր իր տեսակէտը այս կապակցութեամբ:

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութիւնը օգտակար նախաձեռնութիւն մը կատարած է` մեր ընթերցողներուն ներկայացնելով թուրք անուանի գրողի մը կողմէ գրուած հայանպաստ այս գիրքը, որ վկայութեան կը կոչէ հայկական բնօրրան Կարս քաղաքը, անոր ներկայ անփառունակ վիճակը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES