ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆԸ` ԾԱՂԿԱԾ
ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՄԸ ԶԱՐՄԱՆԱՀՐԱՇ ԾԱՂԻԿՆԵՐ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՄԵՐԿ ՄԱՐՄՆԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐՈՎ: «ՏԷՅԼԻ ՄԷՅԼ» ԿԸ ԳՐԷ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԸ ՄԱՍԻՆ, ՈՐ ԿԸ ՄԻՏԻ ՇՐՋԵԼ ՄԵՐԿՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ:
Այս գունագեղ ծաղիկները շատ աւելին կը պարունակեն, քան ինչ որ կը տեսնենք պարզ աչքով: Աւելի մօտէն դիտուած` անոնց իւրաքանչիւր մանրամասնութիւնը կը պատկերէ մարդկային մերկ մարմին մը եւ օր մը կրնայ թանկարժէք դառնալ:
Արուեստագէտ Սեսիլիա Ուեպըր կը լուսանկարէ մերկեր, ապա հարիւրաւոր ժամեր կ՛անցընէ իր համակարգիչին վրայ` զանոնք վերածելով ծաղկաւոր գեղեցիկ ստեղծագործութիւններու:
Սեսիլիա իր բնորդները կը լուսանկարէ մտածուած դիրքերով, որպէսզի ստանայ իր պահանջած ձեւերը, ապա թուային (տիճիթըլ) արհեստագիտութեամբ կը կտրէ, կը շրջէ եւ կը գունաւորէ մարմիններն ու անոնց անդամները` ստեղծելու համար իր վերջնական պատկերները:
Իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւն, որ կը վաճառուի մինչեւ 800 տոլարի, կը պարունակէ թեւ մը` իբրեւ ցօղուն, ձեռք մը` իբրեւ հունտ եւ բազմաթիւ ոտքեր` իբրեւ փերթեր:
Սեսիլիա ստեղծած է անհաւատալիօրէն իրական կապոյտ զանգակածաղիկներ, ճարճրուկներ (տանտելիըն), տխկիի տերեւներ (մէյփըլ), արեւածաղիկներ եւ ծաղկած կեռասենիներ:
Ան շուրջ երկու ամիս կ՛աշխատի` իւրաքանչիւր պատկեր լուսանկարելու եւ վերարտադրելու համար:
«Կը լուսնակարէի շարք մը մերկեր եւ յանկարծ լուսանկարներէն մէկը նմանցուցի փերթի մը,- կը պատմէ 25 տարեկան արուեստագէտը:- Մտածեցի, թէ արդեօք կարելի՞ էր ամբողջական ծաղիկ մը ստեղծել տուեալ պատկերով, եւ սկսայ փորձեր կատարել»:
«Շատ երկար կրնայ տեւել` ի վերջոյ ակնկալուած լուսնակարը ունենալը: Յաճախ նոյն դիրքով աւելի քան 50 լուսանկար կը նկարեմ, որպէսզի միտքիս մէջ ուրուագծուած պատկերը իրականութեան վերածեմ», կը բացատրէ ան:
«Շատ ապրող յատկանիշ մը կայ այս գործընթացին մէջ, եւ փորձարկութիւնը շատ մեծ դեր ունի անոր մէջ»:

Սեսիլիա Ուեպըր կը յուսայ, որ իր գործերը, ինչպէս` «Սպիտակ ճարճրուկներ»ը (աջին), պիտի քաջալերեն, որ մարդիկ տարբեր ձեւով մտածեն մերկութեան մասին, ինչպէս նաեւ` իրենց սեփական մարմնին:
Ուեպըրի աշխատանքը նաեւ շատ ժամանակ կը խլէ: «Նկար մը արտադրելը կրնայ երկու ամիս տեւել, թէեւ ժամանակը կը տարբերի եւ մեծապէս կախեալ է տուեալ գործին բարդութեան աստիճանէն», կ՛աւելցնէ ան:
«Սովորաբար նախօրօք կը ծրագրեմ այն դիրքերը, զորս կը լուսանկարեմ, սակայն միշտ ալ կը փնտռեմ անսպասելի դիրքեր, որոնք ի յայտ կու գան այս գործընթացին բնոյթին պատճառով»:
Սեսիլիա կը ստեղծագործէ Լոս Անճելըսի մէջ եւ կը նշէ. «Մերկութիւնը երբեմն կը նկատուի ամօթալի բան մը, որ կը ներշնչէ յանցանքի կամ վախի զգացումներ: Սակայն կը յուսամ, որ այս գործերը տեսնելով` մարդիկ պիտի քաջալերուին տարբեր ձեւով մտածելու իրենց սեփական մարմնին մասին»:
«Ցարդ ամէն կողմէ հակազդեցութիւնները շատ դրական են եւ շատ բախտաւոր կը զգամ»:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ