«ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ՍԷՐ»Ը ԿԸ ԿՈՏՐԷ ՄՐՑԱՆԻՇ ՄԸ
ՉԻՆԱՑԻ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՉԱՆԿ ՍԻԱԿԱՆԿԻ ԵՌԵԱԿ ՄԷԿ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ՉԻՆԱՑԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻ ՄԸ ԱՄԷՆԷՆ ՍՈՒՂ ԳԻՆՈՎ ՎԱՃԱՌՈՒԱԾ ԳԵՂԱՆԿԱՐԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.
«Յաւիտենական սէր»ը կոտրեց չինական ժամանակակից արուեստի գործերու վաճառքին մէջ Սինկ Ֆրանսխիի 2008-ին հաստատած նախկին մէկ մրցանիշը:
Երեք մասերէ բաղկացած Չանկ Սիականկի իւղանկարը 10.1 միլիոն տոլարի վաճառուեցաւ աճուրդի Սոթպիզ վաճառատան կողմէ, ինչ որ աճուրդի շուկային մէջ հաստատուած մրցանիշ մըն է` չինական ժամանակակից արուեստի գործերու համար:
«Յաւիտենական սէր»ը իրագործուած է 1988-ին եւ կը պատկերէ կիսամերկ կերպարներ` անջրդի բնապատկերի մը մէջ, շրջապատուած` տարբեր խորհրդանիշներով, ինչպէս` հիւծած եզ մը:
Գեղանկարը մէկն էր արուեստի 105 գործերէն, որոնք վաճառուեցան Սոթպիզի Հոնկ Քոնկի վաճառատան մէջ` պարոն Կի Իւլան անունով պելճիքացիի մը կողմէ:
Կի Իւլանի հաւաքածոն վաճառուեցաւ շուրջ 55 միլիոն տոլարի, ինչ որ ակնկալուած գինին եռապատիկն էր:
Նախապէս Սինկ Ֆրանսխիի 1996-ին իրագործուած «Դիմակներու շարք թիւ 6» պաստառը 9.6 միլիոն տոլարի վաճառուած էր Հոնկ Քոնկի մէջ:
Սոթպիզի ժամանակակից ասիական արուեստի գործերու բաժանմունքի պատասխանատու Էւըլին Լին կ՛ըսէ. ««Յաւիտենական սէր»ը կոթողային, թանգարանային յատկութիւն մը ունի եւ կը կը պատկանի չինական յառաջապահական արուեստը բնորոշող ժամանակահատուածի մը»:
Աճուրդը մրցանիշներ հաստատեց նաեւ չինացի այլ արուեստագէտներու համար:
Ասիոյ մէջ Սոթպիզի գլխաւոր պատասխանատու Քեւին Չինկի համաձայն, աճուրդի դրուած գեղանկարները կը ներկայացնէին «չինական ժամանակակից արուեստի ամբողջ պատմութիւնը»:
«Կ՛ենթադրեմ, թէ ոեւէ մէկը հպարտօրէն սեփականատէրը պիտի դառնար այս պատմութեան մէկ մասնիկին, անոր հոլովոյթին եւ տեսլականին», կ՛ըսէ ան:
Կի Իւլան, որ իր կնոջ հետ հիմնած է Պէյճինկի մէջ Ժամանակակից արուեստի Իւլան կեդրոնը, կը նշէ, թէ վաճառքը չ՛արգիլեր, որ ինք հրաժարի չինական արուեստի նոր շարժումներուն զօրակցելէ:
Կեդրոնին կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւն մը կ՛ըսէ, թէ Կի Իւլանի երազն է զօրակցիլ արուեստագէտներու նոր սերունդին եւ տարածել անոնց գործերը:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ