ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՓՈՐՁԵԼ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾ ՄԸ` ՆԱԽՔԱՆ ԶԱՅՆ ԳՆԵԼԸ

ԴԻՒՐԻՆ ՉԷ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԵՐ ՀԱՒԱՔԵԼՈՒ ՍԿՍԻԼԸ: ՍԱԿԱՅՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՆՈՐ ԿԱՅՔ ՄԸ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅ ՊԱՀՈՂՆԵՐՈՒՆ ԱՌԻԹ ԿՈՒ ՏԱՅ ՎԱՐՁՈՒ ԱՌՆԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾ ՄԸ ԵՒ ԶԱՅՆ «ՓՈՐՁԵԼՈՒ` ԳՆԵԼԷ ԱՌԱՋ»: «ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐ ԿԸ ՄԻՏԻ ՔԱՋԱԼԵՐԵԼ ՍԿՍՆԱԿ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐԸ:

Արուեստի գործեր գնելը կրնայ վհատեցուցիչ փորձառութիւն մը ըլլալ, երբ նորեկ ենք այս բնագաւառին մէջ: Գոյութիւն ունին բազմաթիւ վաճառատուներ եւ համացանցի կայքեր, ուր կարելի է գնել զանգուածներուն համար վերարտադրուած տպածոներ: Սակայն արուեստի իրական գործեր գնելը տարբեր է:

Անիկա կը պահանջէ բաւական մեծ աշխատանք, այցելութիւններ` դէպի բազմաթիւ պատկերասրահներ եւ փնտռտուք` համացանցի արուեստի կայքերու մէջ:

Սակայն թերեւս հաւանական գնորդի մը համար մեծագոյն մարտահրաւէրը չափազանց լուրջ վերաբերումի հանդիպիլն է, մանաւանդ երբ ան տակաւին մեծ խանդավառութեամբ մուտք չէ գործած արուեստի գործերու շուկային մէջ:

Նիւ Եորքի բնակիչ Ալեքսիս Թայրոն նման կացութեան մէջ գտնուած էր երկու տարի առաջ, երբ իր չեքի տետրակով զինուած` այցելած էր պատկերասրահ մը` գնելու համար արուեստի գործ մը, որուն մասին տեղեկութիւններ պրպտած էր, եւ զոր գնելու կարողութիւնը ունէր: 24 տարեկան Թայրոն պարզապէս կը փափաքէր զայն անձամբ տեսնել:

«Արթսիքըլ» հիմնուած է երկու բարեկամներու` Սքոթ Քարլթընի եւ Ալեքսիս Թայրոնի կողմէ:

«Ինձմէ խնդրեցին, որ վերադառնամ ուրիշ օր մը, եւ զիս կրնային ընդունիլ միայն երեքշաբթի յետմիջօրէ մը,- կը պատմէ Թայրոն:- Մտածեցի, թէ ասիկա անհեթեթ էր: Իրենց ըսի, թէ կ՛աշխատէի եւ չէի կրնար երեքշաբթի յետմիջօրէ մը գալ, բայց պատրաստ էի 1000 տոլար վճարելու»:

 

«Պարզապէս չէի փափաքեր, իբրեւ երիտասարդ արհեստավարժ նման լուրջ վերաբերումի հանդիպիլ պատկերասրահներու պատասխանատուներու կողմէ, եւ ունէի բարեկամներ, որոնք կը դիմագրաւէին նմանօրինակ մարտահրաւէրներ»:

Այս փորձառութեան իբրեւ արդիւնք, Թայրոն իր մէկ բարեկամին` Սքոթ Քարլթընի հետ հիմը դրած է համացանցի «Արթսիքըլ» կայքին` առաջարկելով դիւրին հասանելի, մատչելի գիներով եւ իրական արուեստի գործեր:

ՎԱԽ` ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

Ամիսը 50 տոլար տալով` արուեստի սիրահարներ կրնան գեղանկար մը, քանդակ մը կամ տպածոյ մը գնել` նորափթիթ կամ արդէն իրենք զիրենք հաստատած 30 արուեստագէտներու գործերը ընդգրկող հաւաքածոյէ մը եւ զանոնք տեղաւորել իրենց տան մէջ, ապա որոշել, թէ զանոնք կը սիրե՞ն, թէ՞ ոչ:

Եթէ անոնք սիրեն իրենց փոխ առած գործերը, կրնան գնել զանոնք: Գիները կը տարուբերին 500 տոլարի եւ 5000 տոլարի միջեւ: Իսկ եթէ չսիրեն, կրնան վերադարձնել եւ այլ գործ մը վարձու առնել:

«Արթսիքըլ» նաեւ կը ձգտի փարատել համացանցի վրայ արուեստի գործեր գնելու վախը: Շատեր կը մտատանջուին, երբ կը փորձեն պատկերացնել, թէ արդեօք արուեստի գործ մը ի՞նչ տպաւորութիւն պիտի ստեղծէ իրենց տան մէջ:

«Գաղափարը հետեւեալն է. թոյլ տալ, որ հաւաքածոյ պահողներ որոշ ժամանակ մը ապրին արուեստի տուեալ գործի մը հետ եւ բաւարար ժամանակ ունենան որոշելու, թէ արդեօք իրապէ՞ս կը սիրեն զայն, թէ` պիտի ուզէի՞ն շահարկել եւ գնել զայն, ապա` որոշ ժամանակ մը անոր հետ ապրիլ», կը բացատրէ Թայրոն:

Ալեքսանտր Մոթիլի «Իզըլ» գործը վարձու տրուած էր «Արթսիքըլ»ի բացումին առաջին շաբաթը:

Այնպէս` ինչպէս արուեստի գործեր հաւաքող սկսնակներ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն, նոյնպէս ալ` նորափթիթ արուեստագէտներ դժուարութիւններու կը հանդիպին, երբ կը սկսին վաճառքի հանել իրենց ստեղծագործութիւնները:

 

Արուեստագէտներու համար իրենց գործերը վաճառելը կամ պատկերասրահներու զօրակցութիւնը ապահովելը դիւրին չէ, որովհետեւ պատկերասրահներ կը դժկամին վտանգաւոր քայլեր առնելու կամ ցուցադրելու տակաւին իրենք զիրենք չհաստատած արուեստագէտներու գործերը:

Թայրոն, որ ուսած է արուեստի պատմութիւն եւ ցուցահանդէսներ կազմակերպելու որոշ փորձառութիւն մը ունի, անձամբ կ՛ընտրէ «Արթսիքըլ»ի ներկայացուցած արուեստագէտները:

«Անհաւատալի է, թէ նորափթիթ արուեստագէտներ իրենց ուսումը աւարտելէ որքան երկար ժամանակ ետք միայն կ՛իրագործեն իրենց առաջին յաջողութիւնը, եթէ անշուշտ երբեւիցէ կատարեն նման ոստում մը», կ՛ըսէ ան:

«Կը կորսնցնենք այս արուեստագէտներէն շատերը, որոնք կը փոխեն իրենց ասպարէզը, որովհետեւ չեն կրնար գոյատեւել միայն արուեստի գործեր արտադրելով: Չեմ գիտեր, թէ արդեօք պիտի կարենա՞մ վերջ դնել անոնց պայքարին, սակայն կը յուսամ, թէ պիտի կարենանք քիչ մը դիւրացնել անոնց ճիգերը` անոնց գործերը ծանօթացնելով իրենց ասպարէզին կանուխ տարիներուն»:

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻՆ

Արուեստագէտ Ժոանա Ռիքօ, որ Փորթուգալէն Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած է 2000-ին եւ այժմ կ՛ապրի Նիւ Եորքի մէջ, իր թեկնածութիւնը առաջարկած է «Արթսիքըլ»ի, որպէսզի ինքզինք ծանօթացնէ եւ աւելի լայն ճանաչում գտնէ` մրցակցութեամբ յատկանշուած այս ճարտարարուեստին մէջ:

«Կը փնտռէի խմբաւորում մը` անոր հետ առնչուելու համար,- կ՛ըսէ ան:- Նախապէս թոյլ տուած եմ, որ գործակիցներ կամ անձնապէս ճանչցած անձեր աւելի քան երեք շաբաթ իրենց քով պահեն գործերս, եւ ասիկա լաւ արդիւնք տուած էր»:

Ինքզինք հաստատած արուեստագէտ Ալեքսանտր Մոթիլ, որ արդէն կը վայելէ Ֆիլատելֆիոյ մէջ պատկերասրահի մը զօրակցութիւնը, իր թեկնածութիւնը առաջարկած է «Արթսիքըլ»ի, երբ Թայրոնի հանդիպած է արուեստի ցուցահանդէսի մը առիթով:

«Կը կարծեմ, թէ արուեստի գործեր փոխ տալը հրաշալի գաղափար է,- կ՛ըսէ ան:- Արուեստի հաւաքածոներ պահողներ մեծ մասամբ կը տարակուսին, երբ կը մտածեն արուեստի գործ մը գնելու մասին, որովհետեւ կը մտածեն, թէ արդեօք ճի՞շդ է իրենց ընտրութիւնը»:

«Փոխ տալը կ՛օգնէ անոնց, որ նման կասկածներ դիմաւորեն այնպիսի ձեւով, որ միաժամանակ նաեւ յարգէ արուեստագէտին զգացումները»:

«Արթսիքըլ» դուրս կու գայ աւանդական պատկերասրահի մը պաշտօնական փորձառութենէն, որ սովորաբար կը նկատուի միայն յատուկ յաճախորդներու յատուկ բան մը:»

Լոնտոնի մէջ Ժամանակակից արուեստագէտներու հիմնարկի տնօրէն` Կրեկոր Միւրի համաձայն, որոշ պատճառներ կան, թէ ինչո՛ւ բարձրորակ պատկերասրահէ մը արուեստի գործեր գնող մը կրնայ դժուարութիւններու հանդիպիլ:

«Պատկերասրահներու նպատակն է ամուր, առողջ եւ ճկուն շուկայ մը ստեղծել` արուեստագէտի մը համար: Հետեւաբար բազմաթիւ պարագաներու պարզապէս կարելի չէ մուտք գործել պատկերասրահ եւ բան մը գնել», կ՛ըսէ ան:

«Արուեստագէտին եւ անոր ասպարէզին հիմնական նպատակն է իր գործերը տեղաւորել լաւագոյն անձին հաւաքածոյին մէջ: Ասիկա կ՛առնչուի արուեստագէտին եւ պատկերասրահին հռչակին հետ»:

««Արթսիքըլ» ամէն ինչ հաւասարեցնող դանակ մըն է, անիկա չի պարգեւեր տեղ մը երթալու եւ արուեստի գործ մը գտնելու փորձառութիւնը: Փնտռտուքի հաճոյքը անգոյ է հոն»:

Թայրոն կը վիճի, թէ ինք կը ձգտի ստեղծել արուեստի գործեր հաւաքողներու նոր խաւ մը եւ շրջելու` արուեստի գործերու հասանելիութեան եւ թափանցիկութեան  կեցուածքները:

«Սովորական պատկերասրահի մը մէջ գիները չեն ցուցադրուիր, եւ հարկ է պահանջել գիներու ցուցակ մը», կ՛ըսէ ան:

«Արթսիքըլ» շարք մը գեղանկարներ, քանդակներ եւ տպածոներ դրած է հաւանական գնորդներու տրամադրութեան տակ: «Շատ հպարտ ենք, որ մեր գիները կը գտնուին համացանցի վրայ եւ հաւասարապէս նոյնն են գիշերազգեստով բազմոցին վրայ երկարած կամ բարակ ու բարձրակրունկ կօշիկներ կրող կիներու համար: Անոնք նոյնն են բոլորին համար»:

«Կը հաւատանք, թէ երբ արուեստի գործեր «հալածելու» կարիքը չկայ, շատ աւելի մեծ թիւով անձեր պիտի մղուին արուեստի գործեր հաւաքելու»:

Թէեւ Միւր կը դրուատէ «Արթսիքըլ»ի նորարարութիւնը, սակայն հարց կու տայ, թէ անիկա ի՞նչ ձեւով պիտի օգնէ երիտասարդ արուեստագէտներուն եւ ինչպէ՞ս թանկագին փորձառութիւն մը պիտի պարգեւէ անոնց:

«Նորափթիթ այն արուեստագէտները, որոնք աւելի ինքնավստահ կը զգան, հաւանաբար պիտի չփափաքին, որ իրենց գործերը այսքան մատչելի ձեւերով ցուցադրուին», կը բացատրէ ան:

«Իսկ եթէ նման արուեստագէտներ յաջողին, ապա անոնց ներկայութիւնը անցողակի պիտի դառնայ «Արթսիքըլ»ի վրայ, որովհետեւ պատկերասրահներու առաջին պահանջը պիտի ըլլայ դադրեցնել իրենց գործերուն ցուցադրութիւնը համացանցի այս կայքին մէջ»:

Սակայն Թայրոն կ՛ըսէ. «Մենք չենք մտածեր, թէ վերջնական վայր մըն ենք այս արուեստագէտներուն համար, այլ կը յուսանք, որ անոնք ծաղկին եւ շարունակեն իրենց ասպարէզը»:

«Եթէ մեր արուեստագէտներէն մէկը ճանաչում գտնէ եւ յաջողի իր անունին կցել բարձրորակ պատկերասրահներու անունները, ապա պիտի հրճուիմ, նոյնիսկ երբ ասիկա կը նշանակէ, թէ ան այլեւս իր գործերը պիտի չվաճառէ մեր միջոցով»:

Թայրոն կ՛ըսէ, թէ ցարդ յաճախորդներուն շուրջ 90 առ հարիւրը միայն փոխ կ՛առնէ արուեստի գործեր եւ միայն 10 առ հարիւրը զանոնք կը գնէ տեղւոյն վրայ: Փոխ առնողներուն շուրջ 20 առ հարիւրը արուեստի գործի մը հետ ապրելէ մէկ ամիս ետք կ՛որոշէ գնել զայն:

Սակայն Թայրոն կ՛ընդունի, թէ «Արթսիքըլ»ի միացած արուեստագէտներէն շատերը տակաւին երիտասարդ են, հետեւաբար կարելի չէ գիտնալ, թէ արդեօք անոնք պիտի դառնա՞ն վաղուան Փիքասոն կամ Տամայէն Հիրսթը:

Թայրոն նաեւ կը մղէ յաճախորդներուն, որ արուեստի գործեր գնեն ոչ թէ իբրեւ շահարկում, այլ պարզապէս` սիրելով:

«Եթէ առաւօտուն արթնաս եւ զգաս, թէ տուեալ գործ մը կը սիրես ճիշդ այնպէս, ինչպէս առաջին անգամ զայն տեսած էիր համացանցի կայքին մէջ, ապա այլեւս հաւանաբար շատ բան չ՛ըսեր քեզի, թէ արդեօք արուեստագէտին ասպարէզը կ՛ուղղուի՞ որեւէ տեղ, կամ թէ` անոր արուեստը կը վերածուի՞ շահարկումի գրաւիչ առարկայի», կ՛ըսէ ան:

«Տուեալ գործը պիտանի կը սկսի դառնալ, երբ կը սկսիք ապրիլ անոր հետ եւ սիրել զայն»:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES