ՆՈՐ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ
Ապտիւլլա Շչլէյֆըր` ամերիկացի վաստակաւոր լրագրող մը եւ Գահիրէի ամերիկեան համալսարանի պատուոյ փրոֆեսէօր, աշխատակցած է ե՛ւ արեւմտեան, ե՛ւ արաբական մամուլին, 50 տարիներու վրայ երկարող իր ասպարէզին ընթացքին:
Ան ստորագրած է յօդուած մը «Եգիպտոս եւ Թուրքիա. ժամանակն է գործելու» խորագիրով եգիպտական «Ալ Մասրի ալ եոմ» թերթի անգլիական հրատարակութեան մէջ, 7 մարտին:
Յօդուածագիրը Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ գործելու ի նպաստ Լիպիոյ ժողովուրդին, որ ներկայիս վայրագ յարձակումի կ՛ենթարկուի բռնապետին կողմէ:
Շչլէյֆըր կը հաւատայ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա անպայման նոյն գիծին վրայ չէ համակարծիք չէ, երկրի պաշտպանութեան նախարարին հետ, որ իր ոտքը կը քաշքշէ Լիպիոյ վերեւ օդային թռիչքներու արգիլեալ գօտի հաստատելու հարցին գծով, որպէսզի բռնապետը դադրեցնէ ցեղասպանական յարձակումները իր ժողովուրդին դէմ:
Շչլէյֆըր կը գրէ, թէ Օպամա կը հաւատայ, որ Քազաֆի «կորսնցուցած է ամբողջ օրինականութիւնը եւ պէտք է հրաժարի, բայց ան նաեւ կը նշէ, որ ամերիկեան ուժերը դիրքաւորուած են այնպէս մը, որ Միացեալ Նահանգներ ամբողջական կարողութիւնը ունենան արագօրէն գործելու, եթէ մարդկայնական տագնապներ ըլլան մեր ձեռքերուն մէջ»:
Արդարեւ, Շչլէյֆըր կ՛ըսէ, թէ Լիպիոյ մէջ կացութիւնը մարդկայնական տագնապի առումով մագլցում կ՛արձանագրէ, մինչդեռ բռնապետին ուժերը եւ հապճեպով մարզուած կամաւոր ապստամբներու բանակ մը յեղափոխութեան շարքերը անցած դասալիք զինուորականներու թոյլ հրամանատարութեամբ, մահացու պատերազմ կը մղեն: Սննդամթերք եւ դեղորայք առաքելութեան, խիզախ եւ մեծահոգի ջանքեր եղած են Եգիպտոսի կողմէ, որ միայն վերջերս տապալեց իր բռնապետը:
Շչլիէյֆըր կը շեշտէ հետեւեալը. «Այժմ, երբ Միջազգային կարմիր խաչը տեղւոյն վրայ է եւ սերտօրէն կը գործակցի լիպիական Կարմիր Մահիկին հետ, Պենկազիի եւ ազատագրուած այլ վայրերու մէջ, կ՛ըսեն, թէ կենսական տագնապը սննդամթերքն է»:
Այնպէս կը թուի, թէ բաւարար քանակութեամբ դեղորայք առաքուած է «ազատագրուած գօտիներ»: Բայց մեծ թիւով լիպիացիներ անմիջական կարիքը ունին ուտելիքի: Կ՛ենթադրուի, թէ անոնց թիւը աւելի քան 2 միլիոն է:
Շչլէյֆըր կը հարցնէ. «Եթէ Քազաֆի այնքան շատ կ՛ուզէ սպաննել իր անզէն ժողովուրդը, ինչո՞ւ նաեւ զանոնք սովի չմատնէ, որպէսզի անձնատուր ըլլան: Արդէն իսկ տեղեկութիւններ կան, որ Թրիփոլիէն արեւելք ինկող քաղաքներ սննդամթերք փոխադրող նաւերը Քազաֆիի հաւատարիմ զինեալները կանգնեցուցած են»:
Ուտեստեղէնի անմիջական կարիքը ունեցող լիպիացիներուն թիւը կ՛անցնի 2 միլիոնը:
«Եգիպտոս տեղական արտադրութեան սննդամթերքի պահեստ չունի: Բայց արեւմտեան կարգ մը երկիրներ մեծ քանակութեամբ ունին: Եթէ ասոնք տրամադրելի ըլլան լիպիական դիմադրութեան, որ ատոնց կարիքը ունի, ո՞վ կրնայ օդային ճամբով հասցնել: Կասկածէ վեր է, որ Քազաֆի իր օդուժին պիտի հրահանգէ արգելք հանդիսանալ այդ գործողութեան, կամ` օգտագործելու հակաօդային զէնքերը, եթէ այդպիսի օդանաւեր մարդասիրական թռիչքներ կատարեն: Ասիկա կը նշանակէ, որ օդային թռիչքներու արգիլեալ գօտի ստեղծելը անհրաժեշտ է», կը գրէ Շչլէյֆըր:
Թէեւ ան կ՛ըսէ, թէ այս նախաձեռնութիւնը զինուորական միջամտութիւն պէտք չէ ըլլայ` ինչպէս որ էր պարագան 1990-ական թուականներու վերջաւորութեան հիւսիսային Իրաքի վերեւ անկլօ-ամերիկեան դաշինքին հաստատած թռիչքներու արգիլեալ գօտիին»:
Այս նախաձեռնութեան միակ նպատակը պիտի ըլլայ մարդասիրական օժանդակութիւնը:
Արդիւնքը պիտի օրինականացնէ, արդարացնէ միջոցները: Ամբողջ արաբական եւ իսլամական աշխարհը պիտի գիտնան որ ատիկա ի՛նչ նպատակի համար է: Նպատակի թափանցիկութեան եւ փտածութենէ կամ խախտումներէ զերծ մնալու համար այս առաքելութիւնը պէտք է իսլամական երկիրները ստանձնեն:
Լիպիական օդուժին յարձակումներուն սպառնալիքին տակ ո՞վ կրնայ սննդամթերքի օժանդակութիւն հասցնել օդի ճամբով
Ասոր համար է, որ Շչլէյֆըր կ՛առաջարկէ, որ Եգիպտոսը եւ Թուրքիան ընեն այդ աշխատանքը: Ան կ՛ըսէ.
«Եգիպտոս հզօր օդուժ ունի եւ… եթէ պէտք ըլլայ, Եգիպտոս կարողութիւնը ունի առանձին գործելու»:
Շչլէյֆըր կ՛առաջարկէ.
«Եգիպտական-թրքական դաշինք մը բաւական քաշողական, ընդունելի պիտի ըլլայ: Դաշինք մը, որ արաբական աշխարհի այժմու բաժանումներէն, գերազանցելի պիտի ըլլայ»:
Այնպիսի ժամանակ մը, երբ իշխանութեան ժողովրդավարական փոխանցումը արդար եւ օրինական ընտրութեամբ, ինչպէս նաեւ աշխարհիկ կառավարութիւնը բացարձակ մեծամասնութեամբ իսլամ երկրի մէջ կը տօնակատարուի, իբրեւ Թուրքիոյ վերագրուող օրինակ, Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ միջեւ գործակցութեան կոչը նոր զարգացում մըն է, որ կրնայ ձեւաւորել փոխանցման շրջանի մէջ գտնուող երկիրներու քաղաքական ապագան:
Շրջանին մէջ երկու երկիրներու գործակցութիւնը, երրորդի մը մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու նպատակով, նախքան «օտարականներու» միջամտութիւնը, կրնայ բարձր մակարդակի գոհունակութեամբ դիտուիլ շրջանի այն երկիրներուն կողմէ, որոնք օտար զինուորական գործողութիւններ չեն ուզեր իրենց երկիրներուն մէջ:
Հաւանութեան, գոհունակութեան մակարդակը պիտի ճշդէ, թէ արդեօք բարոյական գետին մը կա՞յ այսպիսի նախաձեռնութեան մը, որ իւրաքանչիւր անցնող օրուան հետ աւելի կենսական կը դառնայ:
Կոչին, առաջարկին մասին պէտք է խորհիլ: Ատիկա ո՛չ միջազգային է, ո՛չ ալ միակողմանիօրէն գերտէրութեան մը ստեղծած կաղապարը:
Սակայն ատիկա կը նշէ այն ուղղութիւնը, որուն մենք մօտիկ ապագային ականատես պիտի ըլլանք. շրջանային տագնապներով կը զբաղին եւ ատոնք կը լուծեն շրջանի դերակատարները: