ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԻՍԿԱՊԷՍ ԿԸ ՀԱՍԿՆԱ՞Յ ԹՐՔԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Տեղեկագիրը Եւրոպական Միութեան կոչ կ՛ուղղէ հասարակաց արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովական հարցերու շուրջ բանակցութիւններու սկսման:
Նոր լարուածութիւններ վերջերս պայթեցան թրքական կառավարութեան եւ «Եւրոպայի» միջեւ:
Եւրոպական խորհրդարանին պատրաստած` Թուրքիոյ մասին տեղեկագիրը իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի ուժգին ընդդիմութեան հանդիպեցան: Թէեւ, ընդհանուր գիծերու մէջ, տեղեկագիրը բաւական ճշգրիտ դատողութիւններ կ՛ընէր եւ կը նշէր շարք մը յանձնարարականներ, սակայն ոմանք արդէն իսկ ընդունելի` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ, իսկ ոմանք ալ արդէն իսկ ջատագովուած են անոր կողմէ:
Ամէն բանէ առաջ տեղեկագիրը Եւրոպական Միութեան կոչ կ՛ուղղէ հասարակաց արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովական հարցերու շուրջը բանակցութիւններ սկսելու:
Տեղեկագիրը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ համալսարաններէն ներս լաչակ կրելու խնդիրի լուծման եւ ապահովելու խորհրդարանին հեղինակութիւնը` իշխանութիւնը պաշտպանութեան պիւտճէին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն վրայ:
Միաժամանակ ան բնականաբար կը թելադրէ, որ ընտրական օրէնքը պէտք է բարեփոխուի, եւ Թուրքիա իր ուժերը պէտք է քաշէ Կիպրոսէն, նաեւ արգիլելով նոր գաղթ մը Թուրքիայէն դէպի Կիպրոս:
Այս հարցերէն, կէտերէն ոչ մէկը անակնկալի բերաւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում իշխող կուսակցութիւնը:
Եւրոպական տեղեկագիրը կը նշէ, որ Թուրքիա իր ուժերը Կիպրոսէն պէտք է հեռացնէ:
Ուրեմն ի՞նչ կարելի է սպասել վարչապետ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հակազդեցութենէն:
Ըստ անոնց հրապարակած հաղորդագրութիւններուն, որոնք կը պարունակեն գրեթէ նոյնանման բառապաշար, Եւրոպական խորհրդարանի տեղեկագիրը ունի «միակողմանի, սխալ եւ անընդունելի գնահատականներ»: Կառավարութիւնը ակներեւօրէն կը հաւաատյ, որ այս տեղեկագիրը ազդուած է Թուրքիոյ մէջ գտնուող շարք մը խմբակներէ:
Այս չափազանցուած հակազդեցութիւնը կարելի չէ ընդունիլ եւ ներել, որովհետեւ եւրոպական տեղեկագիրը դժուար թէ սահմանուի իբրեւ աւելի վնասակար, կողմնակալ, քան` իր նախորդները: Տեղեկագիրը նաեւ կը զօրակցի Թուրքիոյ` իր ընդհանուր ոճով եւ լեզուով:
Հետեւաբար այս կէտին վրայ ես պէտք է կրկնեմ, որ ղեկավարութիւնը Թուրքիոյ մէջ խնդիրներ ունի իր ոճին հետ: Թէեւ ասիկա չէ ամբողջ խնդիրը: Արդարեւ, ընդհանուր իրողութիւններուն, փաստերուն նշումին հետ, արեւմտեան մարմիններու կողմէ պատրաստուած իւրաքանչիւր տեղեկագիր կը հակի արծարծելու Թուրքիոյ ներքին առօրեայ քաղաքականութիւնները եւ, դժբախտաբար, արեւմուտքցիները թրքական քաղաքականութեանց մէջ հմուտ եւ գիտակ չեն:
Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը վրդովեցնէ այն իրողութիւնը, որ տեղեկագիրը ակնարկելով երկրին մէջ վերջերս կատարուած ձերբակալութիւններուն` կը հաստատէ` թէ Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութիւնը վտանգուած է:
Կրնաք շեշտել, որ դատական հոլովոյթի թերութիւնները անմիջապէս պէտք է վերացուին, կամ` արդար դատավարութեան իրաւունքը զլացուած է, կամ` արգելափակման տեւողութիւնը անընդունելի է, կամ ալ` ահաբեկչական ոճիրներու դատավարութեան գաղտնապահութիւնը կ՛ոտնակոխէ մարդկային իրաւունքները:
Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը այս նկատողութիւններուն պիտի չընդդիմանայ: Տակաւին, այս խնդիրները յարատեւ, երկարատեւ խնդիրներն են թրքական արդարադատութեան, եւ, աւելի՛ն, ասիկա է կացութիւնը վերջերս տեղի ունեցած բարեկարգումներով ատոր սրբագրումէն ետք: Կառավարութիւնը ներկայացուց այս բարեկարգումները, թէեւ արդարադատութիւնը բուռն կերպով ընդդիմացաւ ատոնց: Ուրեմն կրնամ ըսել, թէ կառավարութեան բիրտ հակազդեցութիւնը ոչ մէկ առնչութիւն ունի այս սկզբունքներուն հետ:
Արեւմուտքցիները թրքական քաղաքականութիւններուն հմուտ չեն:
Թուրքիոյ կառավարութիւնը մտահոգ է, որ այս նկատողութիւններուն եւ միայն երկու լրագրողներու ձերբակալման իրողութեան վրայ հիմնուելով` տեղեկագիրը եզրակացուցած է, որ Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութիւնը վտանգուած է:
Նախ պէտք է նշել, որ վերջին քանի մը տարիներուն աւելի քան չորս հազար հետաքննութիւններ շղթայազերծուեցան` լրագրողներուն առնչուող, եւ այդ հետաքննութիւններուն մեծամասնութիւնը թիրախ դարձուցած է այն լրագրողները, որոնք կը զօրակցին Էրկենեքոնի բացայայտման: Այլ խօսքով, կառավարամէտ լրագրողներն են, որոնք զոհն են Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան բացակայութեան կամ սահմանափակումին: Ասիկա` այն պատճառով, որ արդարադատութիւնը տակաւին կը գործէ քաղաքական կուսակցութեան մը պէս, եւ կառավարութիւնը չի կրնար միջամուխ ըլլալ` նկատի ունենալով «արդարադատութեան անկախութիւնը»:
Միւս կողմէ, դատախազն ու ատեանը յայտարարեցին, որ խնդրոյ առարկայ երկու լրագրողները բերման չեն ենթարկուած իրենց տեսակէտներուն կամ լրագրողական գործունէութեան համար: Անոնք ամբաստանուած են, որովհետեւ մաս կը կազմեն այն նախագիծին, որ կը փորձէ վարկաբեկել Էրկենեքոնի դատը եւ փաստել, որ «հակաէրկենեքոն ցանց մը» գոյութիւն ունի: Այս երկու լրագրողները ամբաստանուած են Էրկենեքոնի դատին առնչուող մեքենայութիւններ գործադրելու յանցանքին համար, եւ կը պնդուի, որ «փաստաթուղթեր կեղծելու» ոճրային արարք գործած են:
Առ այժմ մենք չենք գիտեր, թէ այս ամբաստանութիւնները ճի՞շդ են: Բայց դժուար չէ տեսնել, թէ ինչո՛ւ դատախազները այս գործունէութիւնները կը միտին ոճիր նկատել:
Մինչ այդ տեղեկատուական մարզի, մամուլի հիմնական հոսանքին ստեղծած «ազատութեան» բողոքը այս ձերբակալութեանց դէմ` համոզիչ չի թուիր:
Արդարեւ, թէեւ անոնք բոլորն ալ ցարդ լռած էին այս հարցին առնչութեամբ, սակայն յանկարծ անոնք ջերմ, նախանձախնդիր համակիրները եղան ժողովրդավարութեան: Այս հանգամանքը կը մղէ մտածելու, որ անոնք այլ շահագրգռութիւններ ունին:
Մամուլի հիմնական հոսանքին մէջ բազմաթիւ լրագրողներ մտահոգուած են այն հաւանականութեամբ, որ Էրկենեքոնի հոլովոյթը կրնայ իր դիտակէտը, ծիրը ընդարձակել եւ առաջնորդել 28 փետրուարի պետական հարուածի հետաքննութեան: Ինչպէս շատեր պիտի յիշեն, զինուորական միջամտութեան գլխաւոր բաղադրիչը «28 փետրուարի հոլովոյթ» մամուլը ի՛նք անուանեց:
Եւրոպացիները հետեւեալ մանրամասնութիւնը պէտք է առանձնացնեն. եթէ երկրի մը մասին յանձնարարութիւն կը պատրաստես, առնուազն պէտք է փորձես հասկալ այդ երկրին քաղաքականութիւնները:
Դիւրին է հիմնական սկզբունքները կրկնելը, բայց եթէ իսկապէս կ՛ուզես, որ քեզ լսեն, ինքզինքդ ձերբազատէ Թուրքիոյ քաղաքականութեան մասին ունեցած նախապաշարուած հայեացքէդ:
ԷԹԻԷՆ ՄԱՀՃՈՒՊԵԱՆ