Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ ընդգծեց, որ ամերիկեան պատուիրակութեան կողմէ հիւսիսային Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններ կատարուած այցելութիւնը Լիբանանի ներքին քաղաքականութեան բացայայտ միջամտութիւն կը նկատուի: Անդրադառնալով ամերիկացի եւ իրանցի պաշտօնատարներուն Լիբանան այցելութեան զուգադիպութեան` Ֆընէյշ յայտնեց, որ ամերիկացիներուն մօտ զուգադիպութիւն չկայ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպանին հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն յայտնեց, որ Լիբանանեան համալսարանը կը զօրակցի համադաշնակցութեան յայտարարած գործադուլին: Ղոսըն յայտնեց, որ երէկուան գործադուլը զգուշացման գործադուլ էր` նշելով, որ յաջորդ գործադուլը պիտի կատարուի մագլցողական քայլերու որդեգրումով:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք չէ կատարուին 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ: Ան աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանի Լիբանան կատարած այցելութեան նպատակն է ճնշում բանեցնել հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի վրայ` որդեգրելու համար 1960-ի ընտրական օրէնքը:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գրաւուած զէնք եւ զինամթերք փոխադրող նաւը նախ եւ առաջ Լիբանանին կը սպառնայ` աւելցնելով, որ պէտք է բացայայտել անոր ետին կանգնող կողմերը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ իրենք մսխուած գումարներուն հետ հարց չունին, այլ` «մսխուող» օրէնքին եւ կանոններուն հետ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ իշխանամէտ քաղաքական ուժերը չեն փափաքիր երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել եւ աշխատանքի ոչ մէկ նպատակ ունին:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր կառավարութեան նախանցեալ օրուան նիստին ընթացքին հաստատած է, որ սուրիացի բարձրաստիճան ղեկավար մը ընդվզած է Լիբանանի կառավարութեան քայլերէն:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի ամբողջական պատասխանատուութիւն կը կրէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ գործուած մահափորձին մասին հետաքննութիւնը կասեցնելու առումով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ներքին ապահովութեան ուժերու շրջուն ջոկատները աւելի նուազ հսկողութիւն կը կատարեն` նիւթական տագնապին պատճառով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ շեշտեց, որ «Լութֆալլա 2» նաւուն ետին լիբանանեան հսկայ ուժեր կը գտնուին` աւելցնելով, որ Ճեֆրի Ֆելթմանի Լիբանան կատարած այցելութեան նպատակն է Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ամրապնդել` տապալելու համար կառավարութիւնը:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներ «Պայան» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ֆելթման հաստատած է, որ Ուաշինկթըն յանձնառու է Լիբանանի եւ անոր ապահովական կայունութեան:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Ֆելթման երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ իր հանդիպումին ընթացքին շեշտած է, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին փլուզումը ժամանակի հարց է:

ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Համտան շեշտեց, որ Ֆելթման Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն տուած է այնպիսի ցուցմունքներ, որոնց հիմամբ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք չէ տապալել մինչեւ յառաջիկայ յուլիս:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Ախպար» օրաթերթին յայտնեց, որ Ֆելթմանի Լիբանան կատարած այցելութիւնը կը միտի քաջալերել Հըզպալլայի դէմ որդեգրուած լուսանցքայնացումի քաղաքականութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ անհրաժեշտ նկատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին իրենց ճշդուած ժամկէտին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է պաշտպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ գործադրել բարեկարգումներու շարք մը` բարելաւելու համար լիբանանեան հաստատութիւններուն կացութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES