Վարչապետարանին Մէջ Լիբանանի Եւ Իրանի Միջեւ Համաձայնագիրներ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վերստին ընդունեց Իրանի փոխնախագահ Մոհամետ Ռիտա Ռահիմին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումը եղաւ առիթ մը նաեւ ստորագրելու փոխադարձ համաձայնագիրներ` ճարտարարուեստի եւ հանրօգուտ շինութեանց մարզերուն վերաբերեալ:

Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին վարչապետ Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Ռահիմիի` Լիբանանի մատուցուած իրանեան օժանդակութեան եւ յայտնուած զօրակցութեան համար:

Վարչապետ Միքաթի բարձր գնահատեց Թեհրանի զօրակցութիւնը` պահպանելու համար Լիբանանի կայունութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պայքարը` ազատագրելու համար Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած իր բոլոր հողերը:

Վարչապետ Միքաթի անդրադարձաւ Ռահիմիի եւ Ֆելթմանի միաժամանակ Լիբանան այցելութեան` շեշտելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ոչ մէկ կողմէ թելադրանքներ ընդունած է կամ կ՛ընդունի:

Իր կարգին, Ռահիմի յայտնեց, որ Իրան պատրաստ է պաշտպանելու Լիբանանի կառավարութիւնը եւ օժանդակելու անոր` ելեկտրական հոսանքի ցանցը հասցնելու Լիբանան եւ բոլորին ելեկտրականութիւն տրամադրելու առումով:

Ռահիմի ընդգծեց, որ Իրան ոչ մէկ արգելք կը գտնէ ելեկտրական հոսանքը Լիբանան հասցնելու իմաստով, ընդհակառակն` ան կը փորձէ արագացնել այդ աշխատանքին հոլովոյթը:

Սուրիոյ տագնապին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ռահիմի յայտնեց, որ Թեհրան կը մերժէ Սուրիոյ հարցերուն որեւէ օտար միջամտութիւն` աւելցնելով, որ այդ միջամտութիւնը ուղղակիօրէն կը խաչաձեւուի սուրիացիներուն շահերուն հետ:

Երեկոյեան վարչապետ Միքաթի ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ամերիկացի դեսպան Մորա Քոնելլիի:

ՆՇԵՆՔ, որ երէկ տեղի ունենալիք կառավարութեան նիստը առկախուեցաւ վարչապետ Միքաթիի եւ հանրապետութեան նախագահին ծանրաբեռնուած օրակարգերուն պատճառով:

 

Share this Article
CATEGORIES