Սէյիտ Նասրալլա Շեշտեց Դիմադրութեան Ուղեգիծին Նկատմամբ Յանձնառութիւնը

Հըզպալլա - իրանեան պատուիրակութիւն ընդարձակ հանդիպումէն պահ մը

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց Իրանի փոխնախագահ Մոհամետ Ռիտա Ռահիմին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան վերաբերող հարցեր:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը իր ուղեգիծէն անշեղ կը մնայ եւ յանձնառու է իր առաքելութեան: Ան շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը գիտակից է իր յաղթանակներուն եւ յառաջիկայ բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու իր կարողութեան:

Սէյիտ Նասրալլա Դիմադրութեան անունով  շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանի, որ մնայուն կերպով օժանդակեց Լիբանանին, լիբանանցիներուն եւ Դիմադրութեան, որոնք ստանձնեցին մարդկային, բարոյական եւ պատմական այդ ծանր բեռը:

Իր կարգին, Ռահիմի շեշտեց Թեհրանի պատրաստակամութիւնը` շարունակելու համար Լիբանանին տրամադրուած օժանդակութիւնները բոլոր պարագաներուն ընթացքին:

Նշենք, որ սէյիտ Նասրալլա պատկերասփռուած կարեւոր ճառ մը պիտի արտասանէ յառաջիկայ 11 մայիսին:

 

Share this Article
CATEGORIES