Այն Թինէի Մէջ Պըրրի – Ռահիմի Հանդիպում
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Իրանի փոխնախագահ Մոհամետ Ռիտա Ռահիմին եւ անոր ի պատիւ սարքեց ճաշկերոյթ մը, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, նախարարներ, դեսպաններ եւ պետական ու բարձրաստիճան այլ անձնաւորութիւններ:
Ճաշկերոյթին ընթացքին Պըրրի արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ միջիսլամական սադրանքներու հրահրումը կը միտի Իրանը զետեղել յարանուանական հսկայ դաւադրութեան մը դէմ յանդիման եւ ի վերջոյ տապալել իսլամական աշխարհը:
«Այս սպառնալիքներուն լոյսին տակ մենք կը վստահինք իրանեան վարչակարգին պատասխանատուութեան եւ արաբական խարիսխին գիտակցութեան` ձախողեցնելու համար միջյարանուանական եւ միջիսլամական այս սադրանքները», ըսաւ Պըրրի:
Պըրրի զգուշացուց, որ Արեւելքի գրգռութիւնները իւրաքանչիւրի դուռը պիտի թակեն, ինչպէս Սուրիոյ տագնապը կը թակէ մեր դռները: «Բայց եւ այնպէս մենք չենք մոռնար սուրիական սպիտակ ձեռքը, որ երկարեցաւ` Լիբանանը փրկելու համար համայնքային սադրանքէն», շեշտեց Պըրրի:
Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ Իրան կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին` աւելցնելով, որ Դիմադրութեան զէնքէն աւելի հզօր է լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:
Խորհրդարանի նախագահը կոչ ուղղեց շարունակելու աշխատանքը, որպէսզի Միջին Արեւելքը հիւլէական ռումբերէ եւ հաւաքական քանդումի զէնքերէ զուրկ վայր մը ըլլայ: Այս ծիրին մէջ ան շեշտեց, որ իսրայէլեան գոյացութիւնը մեծ քանակով ծանր զէնքեր ունի:
Պըրրի յայտնեց, որ Ռահիմիի Լիբանան այցելութիւնը շրջանային մակարդակի վրայ անկեղծ խորհրդակցութեան առիթ է, ինչպէս նաեւ փաստ մը, որ Իրան արաբական վարչակազմին յաղթանակը կ՛ապահովէ: «Իրան յարանուանական մշակոյթ չի քաջալերեր, այլ` միասնականութեան մշակոյթ, որ երբեք չի միտիր շիիական սեփականութիւն ստեղծել», նշեց ան:
Միւս կողմէ, Պըրրի «Նահար» օրաթերթին յայտնեց, որ նախանցեալ օր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանի հետ իր հանդիպումին ընթացքին ընդգծած է, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր ծովային սահմաններուն եւ կը մերժէ իսրայէլեան կողմին գործած ապօրինութիւնները:


