Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Իրանցի Եւ Ամերիկացի Պաշտօնատարները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Իրանի փոխնախագահ Մոհամետ Ռիտա Ռահիմին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, շրջանային եւ միջազգային զարգացումներն ու լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Ռահիմի նախագահ Սլէյմանի յանձնեց նամակ մը, զոր յղած էր Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ: Նամակը կ՛ընդգրկէր հրաւէր մը` մասնակցելու ոչ յանձնառու պետութիւններու համագումարին, որ տեղի պիտի ունենայ Թեհրանի մէջ:
Ռահիմի նախագահ Սլէյմանի ներկայացուց լիբանանցի պետական եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն մանրամասնութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ հաստատեց, որ Իրան յանձնառու է Լիբանանի նկատմամբ ամբողջական զօրակցութեան եւ կը փափաքի երկկողմանի համաձայնագիրներուն գործադրութիւնը:
Իր կարգին, նախագահ Սլէյման ողջունեց Իրանի պատուիրակութիւնը եւ դրուատեց երկկողմանի հեզասահ յարաբերութիւնները` ընդգծելով փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սլէյման ողջոյնի խօսքեր փոխանցեց նաեւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի եւ նախագահ Ահմատինեժատի:
Նախագահական պալատ այցելեց նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի:
Հանդիպումին ընթացքին Ֆելթման շեշտեց Ուաշինկթընի զօրակցութիւնը` Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ կայունութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց շրջանային զարգացումները:
Ֆելթման շեշտեց Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած Արաբական լիկայի վեհաժողովին ընթացքին նախագահ Սլէյմանի արտասանած խօսքին կարեւորութիւնը:
Նախագահ Սլէյման իր կարգին շեշտեց Լիբանանը կրօններու, մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան երկխօսութեան կեդրոնի վերածելու անհրաժեշտութիւնը:

