Վաքըֆներու Խորհուրդը Մերժեց Վերադարձնել Թուզլայի Ճամբարը
«Մարմարա» կը տեղեկացնէ որ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի աշխատակից Օքան Քոնուրալփ Անգարայէն հաղորդած է, որ Վաքըֆներու խորհուրդը մերժեց Կետիկփաշայի բողոքական եկեղեցւոյ վերադարձնել Թուզլայի ճամբարի հողամասը: Վաքըֆներու խորհուրդը այս որոշումին յանգեցաւ նկատի առնելով, որ Թուզլայի ճամբարը դուրս կը մնայ այն կանոնագրութենէն, որով պէտք է վերադարձուին կարգ մը փոքրամասնական կալուածներ: Կալուածը վերադարձուած է իր նախկին սեփականատիրոջ: Եթէ այդպէս եղած չըլլար եւ մնացած ըլլար Վաքըֆներու տնօրէնութեան սեփականատիրութեան տակ, այն ատեն թերեւս կարելի կ՛ըլլար զայն վերադարձնել, ըսուած է լրատուութեան մէջ:
Վաքըֆներու խորհուրդը մերժեց նաեւ վերադարձնել հայ կաթողիկէ համայնքի Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի շէնքը:
Խորհուրդը որոշեց հատուցում վճարել 100 մեթր քառակուսի կալուածի մը համար, որ կը պատկանէր Կետիկփաշայի հայ բողոքական եկեղեցւոյ:
Ասոնց փոխարէն, յոյն համայնքին պիտի վերադարձուին Գատըգիւղի յունաց գերեզմանատունն ու Գալամըշի յունաց եկեղեցին:

