«Թիֆլիս Թէ՛ Հայաստանի, Թէ՛ Ազրպէյճանի Պատմական Եւ Մշակութային Մայրաքաղաքն Է» Կ՛Ըսէ Սահակաշվիլի
«Կռուզիա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի Քութայիսի մէջ յայտարարած է, որ Թիֆլիս ամբողջ Կովկասի մշակութային եւ պատմական մայրաքաղաքն է:
Ան նշած է, որ Վրաստանի մայրաքաղաքը շրջանային կեդրոն է եւ անոր նշանակութիւնը օրէ օր կ՛աճի: Ըստ Սահակաշվիլիի, Թիֆլիսի նշանակութիւնը այսօր աւելի բարձր է, քան` երբեւիցէ:
«Թիֆլիս թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ազրպէյճանի պատմական ու մշակութային մայրաքաղաքն է: Հարցուցէ՛ք բազմազգ Տաղստանի ժողովուրդներուն, ինկուշներուն, չեչեններուն, օսերուն, թէ անոնք ի՛նչ կը մտածեն: Թիֆլիսը բոլորին համար պատմական եւ մշակութային կեդրոն է: Թիֆլիսը շրջանին մէջ բարեփոխումներու եւ տնտեսական յառաջընթացի տեսանկիւնէն օրինակ է», յայտարարած է Վրաստանի նախագահը:
CATEGORIES Հայկական


