Ալմակրօ Հայաստան Պիտի Այցելէ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով 4-5 մայիսին պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան պիտի ժամանէ Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրօ:
Այցելութեան ընթացքին Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարը պիտի ընդունին նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս:
Այսօր տեղի պիտի ունենան Նալբանդեանի եւ Ալմակրոյի բանակցութիւնները, որոնց պիտի յաջորդէ միացեալ մամլոյ ասուլիս մը:
Լուիս Ալմակրօ պիտի այցելէ նաեւ Ծիծեռնակաբերդ եւ ծաղկեպսակ պիտի զետեղէ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի յուշարձանին:
CATEGORIES Հայկական

