Նախարար Նալբանդեան Ընդունեց ԱՊՀ Դիտորդական Առաքելութեան Ղեկավարը
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց ԱՊՀ դիտորդական առաքելութեան ղեկավար, ԱՊՀ գործադիր քարտուղարի տեղակալ Վլատիմիր Կարքունը:
Բարձր գնահատելով դիտորդական առաքելութիւններու իրականացման համար Հայաստանի իշխանութիւններուն ստեղծած պայմանները` ԱՊՀ դիտորդական առաքելութեան ղեկավարը ընդգծեց, որ իրենց գնահատումով երկրին մէջ ստեղծուած են անհրաժեշտ պայմանները հաւասար ընտրարշաւի եւ ազատ ընտրութիւններու կայացման համար:
Վլատիմիր Կարքուն նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին տեղեկացուց, որ ԱՊՀ-ի դէտերը առաքելութիւնը պիտի իրականացնեն Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ ու ներկայացուց ԱՊՀ դիտորդական առաքելութեան աշխատակարգը եւ ընտրութիւններուն վերաբերեալ եզրակացութիւն կազմելու չափանիշներն ու սկզբունքները:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան ընտրական հոլովոյթներուն առնչուող տարբեր հարցերու:

