Հայրենի Գործարարներուն Հետ Հանդիպման Ընթացքին «Տնտեսութեան Մէջ Նոր Մշակոյթ Յառաջացնելու Անհրաժեշտութիւնը Կայ» Յայտարարեց Վահան Յովհաննիսեան
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան երէկ ՀՅԴ ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան դրոյթները գործարարներուն ներկայացնելու համար կազմակերպուած հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք յառաջացաւ քաղաքական համակարգ մը, ուր քաղաքական ղեկավարութիւնը ճարպկօրէն ամբողջութեամբ իր ձեռքը վերցուց դիւանակալական համակարգը:
Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց, որ տնտեսութեան մէջ կայ նոր մշակոյթի յառաջացման անհրաժեշտութիւն: Ան նշեց, որ այս առումով այդ նոր մշակոյթի, մաքուր մշակոյթի կրողը կրնայ ըլլալ ոեւէ անձ` անկախ կուսակցական պատկանելիութենէն, քանի որ կան պարկեշտ տնտեսավարողներ, պարկեշտ գործարարներ բոլոր քաղաքական ճամբարներուն մէջ:
«Օրինակ` ես հիմա իբրեւ կուսակցութեան ներկայացուցիչ չեմ խօսիր, իբրեւ Բիւրոյի անդամ կամ խմբակցութեան ղեկավար չեմ խօսիր, այլ` իբրեւ Երեւանի կեդրոնի բնակիչ: Հոն երկու տնտեսավարողներ իրար դէմ թեկնածութիւն առաջադրած են: Անոնցմէ ոչ մէկը իմ կուսակցութեանս անդամ է, հոն Դաշնակցութիւնը ընդհանրապէս թեկնածու չունի: Բայց ես կը ցանկամ, որ Գարեգին Նուշիկեանը յաղթէ, որովհետեւ ան աւելի շատ կը համապատասխանէ այդ նոր մշակոյթի մասին մեր պատկերացումներուն, քան անոր մրցակիցները: Ասիկա շատ պարզ է, եւ մենք բոլորս պէտք է յաջողինք կողմնորոշուիլ թէ՛ կուսակցութիւններու գծով, ուր Դաշնակցութիւնը միանշանակ կ՛առանձնանայ, թէ՛ անշուշտ շատ աւելի բարդ խնդիր կայ իւրաքանչիւր յստակ ընտրատարածքին մէջ: Օրինակ` իմ դիրքորոշումս իբրեւ անհատի, քուէարկողի, Նուշիկեանն է», յայտնեց Վահան Յովհաննիսեան:
Երէկ ՀՅԴ գործարարներուն հետ հանդիպման ընթացքին Վահան Յովհաննիսեան անդրադարձաւ նաեւ համեստ գործարարներու կերպարին եւ դերին Ազգային ժողովին մէջ եւ ըսաւ, որ ինքը իբրեւ Հայաստանի շարքային ընտրող, հակուած է քուէարկել համեստ, բանիմաց եւ ժամանակակից գործարարական մտածելակերպ ունեցող գործարարի օգտին:
Այս առումով «Երկիր» փորձեց պարզել նաեւ Կեդրոն վարչական շրջանին մէջ բնակող` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեանի կարծիքը:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը նշեց, որ ինք իր ձայնը պիտի տայ մեծամասնական ընտրակարգով առաջադրուած Գարեգին Նուշիկեանին, որովհետեւ միասին մեծցած են, եւ ան իբրեւ գործարար եւ հայրենասէր մարդ միայն օգտակար դերակատարութիւն կրնայ ունենալ Ազգային ժողովին մէջ: Լեւոն Մկրտչեան աւելցուց, որ ան իր համեստութեամբ եւ իր անաչառութեամբ յայտնի է Երեւանի բնակչութեան:
Պատասխանելով «Ժամանակ» թերթի այն հարցումին, որ արդեօք Դաշնակցութիւնը ընտրութիւններէն ետք նոր ձեւաւորուելիք համաձայնական կառավարութեան անդամ պիտի ըլլա՞յ, դաշնակցական գործիչը յայտնեց, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի նման, ինքն ալ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն-Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն համաձայնական կառավարութիւնը կարելի կը նկատէ, սակայն, ըստ անոր, Դաշնակցութիւնը ընտրութիւններէն ետք ձեւաւորուելիք ոչ մէկ համաձայնական կառավարութեան պիտի մասնակցի:
Ժառանգութիւն կուսակցութեան կողմէ վերջերս մեղադրանքներ կը հնչէին, թէ չի բացառուիր, որ ընտրութիւններու վերահսկողութեան ուղղուած կեդրոնը վերածուի նաեւ համաձայնական կառավարութեան, որուն ետին կանգնած պիտի ըլլայ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, աւելի՛ն` կանխատեսումներ կը կատարուին, որ Բարգաւաճ Հայաստանը, Դաշնակցութիւնը եւ Հայ Ազգային քոնկրեսը պիտի հանդիսանան Ռոպերթ Քոչարեանի վերադարձին համար անհրաժեշտ գետինը:
Վահան Յովհաննիսեան մեկնաբանելով այդ կանխատեսումները` նշեց, որ քոնկրեսը եւ Ռոպերթ Քոչարեան իրարու նկատմամբ բացասական արտայայտութիւններ ունեցած են, ուրեմն կարելի չէ, որ իրարու նպաստեն ընտրութիւններու ընթացքին: Ըստ անոր, քոնկրեսին համար Քոչարեանը իշխող վարչաձեւին մասն է, այնպէս որ պէտք չէ այդ յայտարարութիւնները տառացիօրէն հասկնալ, որ եթէ այս նախագահը փոխուի, անպայման Ռոպերթ Քոչարեանը պիտի բերեն:

