50 Տարի Առաջ ( 5 մայիս 1962 )
Ժիւնիի Եկեղեցւոյ Ուխտի Օրուայ
Տօնակատարութիւնները
(Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)
Կիրակի, 29 ապրիլի օրը Ժիւնիի հայութիւնը տօնական վիճակի մէջ էր: Ժիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ ուխտի օրն էր այդ օր եւ ամէն ճիգ ի գործ դրուած էր փայլուն եւ արժանավայել կերպով ընդունելու վեհափառ կաթողիկոս Զարեհ Ա.ը, որ բարեհաճած էր հայրապետական իր երկրորդ այցելութիւնը շնորհել Ժիւնիի հայութեան:
Հրաւէրներ ղրկուած էին հայ թէ օտար բազմաթիւ երեւելիներու եւ պաշտօնական անձնաւորութեանց ու ամբողջ շաբթուան մը տենդագին աշխատանքէ ետք եկած էր հանդիսաւոր պահը: Ժամը 9:30-ին Ժիւնիէն պատուիրակութիւն մը ուղղուեցաւ դէպի Անթիլիաս, ուր կը գտնուէին արդէն Պէյրութի երեւելի ազգայիններ, իրենց ինքնաշարժերով միանալու համար հայրապետական թափօրին: Ժամը 9:45-ին ոստիկան-զօրաց առաջնորդութեամբ վեհափառ հայրապետին ինքնաշարժը սրբազան առաջնորդ հօր եւ ազգայիններուն միացած` ճամբայ, ելաւ դէպի Ժիւնի: Ժամը 9:55-ին թափօրը կը հասնէր Ժիւնի, ուր եկեղեցւոյ թաղը յատկապէս զարդարուած էր քաղաքապետութեան դրօշազարդ կամարով եւ երկու պաստառներով, առաջինը` ի պատիւ վեհափառ հօր, իսկ երկրորդը` ի պատիւ սրբազան առաջնորդին:
Իջնելով ինքնաշարժէն` վեհափառը առաջնորդուեցաւ եկեղեցի, մինչ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները պատուի կ՛առնէին ճամբուն երկու կողմերը: Եկեղեցւոյ դրան վեհափառ հօր առջեւ զենուեցաւ ոչխար մը. սպիտակ հագած աղջնակներ ծաղիկներ կը սփռէին Վեհափառին անցքին երբ ընդհանուր խանդավառութեան եւ ծափողջուններու ներքեւ վեհափառը ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցի: Հրաշափառով վեհափառն ու սրբազանը մուտք գործեցին եկեղեցիէն ներս:
Յաջորդաբար ժամանեցին Հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչը` Լեռնալիբանանի նահանգապետը, Քեսրուանի երեսփոխաններ Լուի Ապու Շարաֆ եւ Ֆուատ Պոն, Պուրճ Համուտի եւ Ժիւնիի քաղաքապետները եւ քաղաքապետութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ երեւելի ազգայիններ, թաղականութեանց եւ մարմիններու ներկայացուցիչներ: Պատարագը կը մատուցէր Ժիւնիի հոգեւոր հովիւ Ա. Շահէ քհնյ. Ալեէմեզեան` մասնակցութեամբ «Կոմիտաս երգչախումբին»:
Պատարագի վերջաւորութեան վեհափառը տուաւ իր հայրապետական պատգամը` խօսելով հոգեշունչ քարոզ մը, ուր վեր առաւ սուրբ յարութեան խորհուրդին գաղափարը, ինչ որ հիմքը կը կազմէ մեր քրիստոնէական հաւատքին:
Ժամերգութեան լրումին, եկեղեցւոյ բակը, սկաուտներու կազմած շրջանակին մէջ վեհափառ հայրապետը հանդիսաւոր կերպով կատարեց մատաղօրհնէքի խորհրդաւոր արարողութիւնը: Ապա, հիւրերու ընկերակցութեամբ, ուղղուեցաւ վարժարանին սրահը, ուր հիւրասիրութեան ընթացքին բաժակներ պարպուեցան Հանրապետութեան նախագահին, Վեհափառին ինչպէս նաեւ ասպնջական Լիբանանի եւ Հայաստանեաց եկեղեցւոյ կենացը: Ապա կատարուեցաւ աջահամբոյր, որմէ ետք հիւրերը հետզհետէ հրաժեշտ առին:
Ժամը 12:50-ին վեհափառ կաթողիկոսը հրաժեշտ առաւ Ժիւնիի ազգայիններէն եւ առաջնորդ հօր ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Հանրապետութեան նախագահին ապարանքը, ուր պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ անոր, շատ սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ:
Ժիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ ուխտի օրուան առիթով, անգամ մը եւս Ժիւնիի հայութիւնը հաղորդուեցաւ հոգեկան եւ ազգային բարձր տրամադրութիւններով` շնորհուած Զարեհ Ա. վեհափառ կաթողիկոսին այցելութեամբ եւ այս ձեւով ոգեւորուեցաւ իր առաքելութեան շարունակութեանը մէջ:
ԹՂԹԱԿԻՑ
Պուրճ Համուտը Պիտի Ունենայ
Իր Ազգային Երկրորդական Վարժարանը
Բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեան
50 Հազար, Իսկ Հայ Կրթական
Հիմնարկութիւնը 25 Հազար Տոլար Կը Նուիրեն
Ներկայ տարին լիբանանահայութեան համար սկսաւ բարեբաստիկ եւ սրտապնդիչ նուաճումներով: Քանի մը ամիս առաջ աւետած էինք ազգային մեծ բարերարութիւն մը, որ Պէյրութ քաղաքը կ՛օժտէր ազգային քոլեճով: Բարերար Սուրէն Խանամիրեան կը ստանձնէր ամբողջական ծախսը ազգապատկան կալուածին վրայ այդ քոլեճի շինութեան: Այս իշխանական նուիրատուութիւնը խոր ցնծութիւն ստեղծեց Լիբանանի հայութեան մօտ, որ մեծապէս գնահատեց իր արժանընտիր երեսփոխանին ժեսթը:
Հիմա, երկրորդ առիթ մը կը տրուի լիբանանահայութեան` ողջունելու մեծարժէք նուիրատուութիւն մը, որ այս անգամ Պուրճ Համուտի հայաշատ կեդրոնը պիտի օժտէ ազգային քոլեճով մը:
Քալիֆորնիաբնակ ծանօթ բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեան, որ ասկէ առաջ մեծագումար նուիրատուութիւններ ըրած է հայ բարեսիրական եւ մշակութային հաստատութիւններու, ընդառաջելով Լիբանանի հայոց շինարար առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի դիմումին, 50.000 տոլար յատկացուցած է Պուրճ Համուտի մէջ կառուցուելիք ազգային քոլեճի շինութեան:
Այս գումարին վրայ կու գայ աւելնալու աւելի քան տասը տարիէ ի վեր մեր բոլոր գաղութներու կրթական կարիքներուն հասնող փրկարար հիմնարկութեան մը 25.000 տոլարի նուէրը: Արդարեւ, հայ կրթական հիմնարկութիւնը, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի կրթական գործին իր տարեկան նպաստներով, թանկագին ծառայութիւն մը կը մատուցանէ հայ ժողովուրդին:
Այս զոյգ նուիրատուութիւնները Լիբանանի Ազգային իշխանութիւններուն պաշտօնապէս յայտարարուեցան Ամերիկայի հայ կրթական հիմնարկութեան վարիչ-քարտուղար Բիւզանդ Կռանեանին կողմէ, որ հինգշաբթի գիշեր այս առաքելութեամբ ժամանեց Պէյրութ:
Կռանեան իր այս յայտարարութիւնը կատարեց նաեւ հրապարակաւ, Ս. Նշան եկեղեցւոյ Տիկնանաց միութեան կազմակերպած «Մայրերու օր»-ուան հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ երէկ իրիկուն, պետական երաժշտանոցի սրահին մէջ:
Այս առթիւ Ազգային առաջնորդարանի դիւանէն ստացանք նաեւ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
Այսու կը յայտնենք յարգոյ հասարակութեան, թէ երէկ` հինգշաբթի երեկոյ, Լոս Անճելըսէն օդային ճամբով քաղաքս ժամանեց Ամերիկայի հայ` Կրթական հիմնարկութեան վարիչ-քարտուղար Բիւզանդ Կռանեան եւ յայտնեց, թէ ընդառաջելով Լիբանանի հայոց առաջնորդ Խորէն արքեպիսկոպոսի կոչին` Ազգային բարերարուհի Սոֆիա Լեւոն Յակոբեան 50 հազար տոլար, իսկ հայ կրթական հիմնարկութիւնը 25.000 տոլար միասնաբար յատկացուցած են Պուրճ Համուտի մէջ ազգային քոլեճի մը կառուցման, որ պիտի կոչուի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ:

