Ռոքսի Ռնգեղջիւրը Կը Վերագտնէ Իր Տեսողութիւնը

Այս ռնգեղջիւրի ձագուկը վիրաւորուած էր որսորդներու կողմէ եւ` իր տեսողութիւնը կորսնցուցած: Սակայն վիրաբուժութեան ենթարկուելէ ետք ան դարձեալ կրնայ տեսնել եւ շատ աւելի լաւ կը զգայ:

Այս պատմութիւնը կը պատահի Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ: Սկիզբը, դժբախտաբար, ան կը նմանի բազմաթիւ ուրիշներու: Առանց արտօնութեան` որսորդներ կը սպաննեն էգ ռնգեղջիւր մը: Անոր ձագուկը կը վիրաւորուի եւ իր տեսողութիւնը կը կորսնցնէ: 3 ամսու պզտիկ ռնգեղջիւրը` Ռոքսի կ՛ընդունուի անասնաբուժարանի մը հիւանդանոցին մէջ, ուր վիրաբուժութեան կ՛ենթարկուի:

Գործողութիւնը կը յաջողի, եւ Ռոքսի կը վերագտնէ իր տեսողութիւնը: Ան կը սկսի կամաց-կամաց ինքնաբաւ դառնալ:

Հիւանդանոցին պատասխանատուները շատ գոհ են անոր յառաջդիմութիւններով: Անոնք նշմարած են, թէ անասունին բնաւորութիւնը փոխուած է. ան մարդոցմէ նուազ կախեալ է: Ան հետզհետէ աւելի ռնգեղջիւրի նման կը վարուի:

Վերջապէս, Ռոքսի վերագտած է իր ազատութիւնը եւ վերադարձած է ապրելու համար պահպանուած բնական իր միջավայրին մէջ, ուր ան ծնած է: Ռոքսիին պատմութիւնը լաւ կը վերջանայ, սակայն այս պատմութիւնը միշտ կը կրկնուի:

Այս պահպանուած հսկայական միջավայրին պատասխանատուները միութիւն մը ստեղծած են Ռոքսին փրկելու համար:

Ռոքսիէն ետք, անոնք ընդունած են ուրիշ ռնգեղջիւրի ձագուկ մը` Քլովա, որ դարձեալ որսորդներուն պատճառով որբ մնացած է:

ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ

– Հարաւային Ափրիկէի մէջ կ՛ապրին աշխարհի ռնգեղջիւրներուն ութ տասներորդը:

– Անոնց թիւը կը հասնի 20 հազարի:

– Ռնգեղջիւրը կորսուելու վտանգի տակ կը գտնուի:

– Որսորդները անգթօրէն զանոնք կ՛որսան անոր եղջիւրը առնելու համար:

– Ասիոյ բազմաթիւ երկիրներու մէջ մարդիկ կը հաւատան, թէ փոշիի վերածուած այս եղջիւրը դարմանելու կարողութիւնը ունի: Սակայն այս հաստատումը ամբողջովին սխալ է:

– Միայն Հարաւային Ափրիկէի մէջ 2011 թուականին 448 ռնգեղջիւրներ սպաննուած են որսորդներուն կողմէ:

– Սակայն այս «որսորդները» միայն վայրի բնութեամբ չեն սահմանափակուիր:

– Օրինակի համար, վերջին ամիսներուն ռնգեղջիւրի եղջիւրներ գողցուած են թանգարաններէ եւ Աստրիոյ աճուրդի սրահներէն:

 

Ձեռային Աշխատանք

Մայրիկիս Համար

Դուն կրնաս գարնանային այս գեղեցիկ տեսարանը մայրիկիդ նուիրել անոր տօնին առթիւ:

Պէտք ունիս. դեղին, մանիշակագոյն, կանաչ ջրաներկի, տանձի մը, կերպընկալէ կափարիչի մը, գետնախնձորի մը, խաւաքարտի կտորի մը:

Պատրաստութիւն

 

1.- Թերթի մը վրայ դեղին, քիչ մը թանձր ջրաներկ (կուաշ) դիր: Տանձը երկայնքին երկուքի կտրէ եւ անոր կէսը ջրաներկին մէջ թաթէ:

2.- Խաւաքարտի քառանկիւն կտորի մը վրայ տանձին ձեւը տպէ: Այս առաջին թերթին ծայրը կերպընկալէ պզտիկ կափարիչը դիր:

3.- Այս կափարիչին շուրջ տպէ ծաղիկին միւս թերթերը: Ամէն անգամ տանձը դարձեալ թաթխէ ջրաներկին մէջ:

4.- Կափարիչը հանէ: Մատիդ ծայրը կանաչ ջրաներկին մէջ թաթխէ եւ պզտիկ կէտեր տպէ ծաղիկին կեդրոնը:

5.- Պզտիկ գետնախնձոր մը կիսէ: Զայն կանաչ ջրաներկին մէջ թաթխէ եւ տերեւի այս ձեւը տպէ ծաղիկին շուրջ:

6.- Խաւաքարտի պզտիկ երիզ մը կտրէ: Անոր կողմը կանաչ ջրաներկին մէջ թաթխէ եւ ծաղիկին կոթը տպէ` խաւաքարտը թեթեւօրէն ծռելով:

7.- Խաւաքարտի աւելի պզտիկ կտոր մը դարձեալ կանաչին մէջ թաթխէ եւ պզտիկ կոթերը տպէ:

8.- Գետնախնձորին միւս կտորը եւս կիսէ: Անոր մէկ բաժինին ծայրէն կտրէ երկու եռակիւններ:

9.- Այս գետնախնձորէ կաղապարը թաթխէ մանիշակագոյն կամ բաց կապոյտ ջրաներկին մէջ եւ կարճ կոթերուն ծայրերը պզտիկ ծաղիկները տպէ:

– Կրնաս նաեւ ծաղիկի ուրիշ ձեւեր ընել եւ ջրաներկի ուրիշ գոյներ գործածել:

 

Հարցում/Պատասխան

1) Մօտաւորապէս քանի՞ ամիս կը տեւէ ճամբորդութիւն մը դէպի Հրատ մոլորակ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

2) Հին Եգիպտոսի մէջ մարդիկ կը հաւատային, թէ իրենց մայրերը…

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

3) Կանկատունկի (քաքթիւս) քանի՞ տարբեր տեսակներ գոյութիւն ունին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

4) Եթէ այր մարդ մը իր մօրուքը բնաւ չածիլէ, անոր մօրուքը քանի՞ մեթր պիտի երկարի ամբողջ կեանքին ընթացքին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ ՎԵՐՋԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ

 

ԺԱՄԱՆՑ

Կէտերը իրարու միացուր 1-128` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

Երկու կէտ պարունակող բաժինները ներկէ գտնելու համար պահուած պատկերը:

Կրնա՞ս գտնել վերի անկիւնի նկարին եւ միւս նկարներուն միջեւ գտնուող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:

 

 

 

ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԷՋԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

1) 7-10 ամիս: Հրատ մոլորակին վրայ իջնելու համար անջրպետանաւը պէտք է իր արագութենէն երեք զերօ նուազ արագութեան մը իջնէ վեց վայրկեանի մէջ:

2) «Աստուածներուն նուէրը աշխարհին»: Եգիպտացի առաջին չաստուածուհին «մաթ» կը կոչուէր: Ասիկա կը նշանակէ «մայրերու մայրը»:

3) 1650: Մենք կանկատունկերու կը հանդիպինք Հիւսիսային Ամերիկայէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա: Սակայն Մեքսիքայի մէջ է, որ մենք կը հանդիպինք կանկատունկի ամէնէն մեծ քանակին եւ ամէնէն շատ տարբեր տեսակներուն:

4) 9 մեթր: Մազին աճելուն արագութիւնը կախեալ է անոր երկարութենէն: Կարճ մազերը ամիսը պիտի աճին 2 սմ. սակայն երբ մազը կը հասնի 30 սմ երկայնքի, այս աճը երկուքով կը բաժնուի:

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES