Իրական Ու Անիրական Կերպարներ

Րաֆֆի Թոքաթլեանի արձանները անսովոր աշխարհ մը կը փոխադրեն դիտողը: Քիչ մը անիրական, քիչ մը խորհրդաւոր պատկերներով անոր հերոսները  տագնապի մէջ են, կախուած, ծռած, կարծէք կորսնցուցած են իրենց հաւասարակշռութիւնը եւ ճիգ կը գործադրեն վերականգելու զայն: Անոնց միշտ կ՛ուղեկցի կլոր գունդ մը`  երկրագունդի փոքր պատկերը կարծէք երկրագունդը անոնց կը յուշէ վերադառնալ աշխարհ եւ դուրս գալ անիրական տիրոյթներէն:

Ինք` արձանագործը, լեռներ բարձրանալու սովորութիւն ունի. մագլցած է Ֆուճիեամա եւ Արարատ լեռները, շուտով պիտի բարձրանայ Էլպրուսը. «Լեռներ մագլցելու ժամանակ է, որ ուղեղն ու մարմինը կը մտնեն վիճաբանութեան մէջ», «Ազդակ»-ին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց Րաֆֆի Թոքաթլեան, աւելցնելով` որ ճիշդ այդ ժամանակն է, որ կը ծնի անսովոր մտայղացումը` ստեղծելու նոր արձան մը: Անոր բոլոր աշխատանքները, ինչպէս յայտնեց, ստեղծուած են  որոշ շրջաններէ ետք, ըսենք` լեռ բարձրանալու կամ Հարիտվարի մէջ Գանգես սրբազան գետը մտնելու եւ նման արկածախնդիր ճանապարհորդութիւններէ ետք: Սակայն երբեմն աշխատանքները իրենք կը ծնին ստեղծագործութիւններ: Յաճախ դիտողները կը մեկնաբանեն որեւէ արձան կամ գծանկար: Ինչպէս Րաֆֆի Թոքաթլեան նշեց, իրեն համար շատ կարեւոր են դիտողին մեկնաբանութիւնները, քանի որ ատոնք են նաեւ, որ նոր գործ ստեղծելու գաղափար կու տան. «Ամէն մէկ դիտող ինքն իր մտածողութեան ձեւով կը կարդայ գործը, ամէն մէկուն զգացածն ու կարդացածը տարբեր են, սակայն շատ կարեւոր` ինծի համար: Երբ իրենք կը բացատրեն իրենց տեսածը, ես այդ պահուն նոր գաղափար մը  կը յղանամ», նշեց ան:

Թոքաթլեան մտայղացումը նախ կը պատկերէ թուղթին վրայ, ապա տարբեր մարդոց օգնութեամբ կ՛իրականացնէ զայն, նշելով, որ իրեն համար իրականացումէն աւելի կարեւոր է գաղափարը: Իր արուեստի գնահատողներէն ոմանց կը հետաքրքրեն արուեստագետին գծանկարները (որոնք նոյնպէս ցուցադրուած են արձաններուն քով), իսկ  ոմանք ալ կը հիանան մէկը միւսէն անսովոր արձաններով: Րաֆֆի Թոքաթլեանին կերտած արձանները պրոնզեայ են, երբեմն այլ նիւթեր եւս կը գործածէ` ամբողջական դարձնելու ըսելիքը:

«Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ գործող անոր ցուցահանդէսին ներկայացուած է նաեւ պրոնզի ու տախտակի համադրութեամբ արձան մը, որ թեքնիք առումով նորութիւն է Թոքաթլեանի արուեստին մէջ: Ան ըսաւ, որ տակաւին աւելի նորը կայ` ինքնաշարժի ներսի խողովակներով պատրաստած է արձան մը, որ ճիշդ է, ցուցահանդէսի բացման տեղադրուած չէր, սակայն արձանագործը մտադիր է ցուցահանդէսին  յաջորդող օրերուն զայն անպայման ներկայացնել իր արուեստով հետաքրքրուողներուն: Նիւթերը, որոնք կը ներկայացնէ ստեղծագործողը, տարբեր են, հիմնականը` մարդկութիւնը, իմաստասիրութիւնը, մտածող ու զգայուն մարդը հետաքրքրող հարցեր, սակայն կան նաեւ հայկական շեշտ պարունակող բնաբաններ, ինչպէս, օրինակ, «Հայոց թագաւորութիւններուն կործանումը», կամ Արարատ լեռը մագլցելէն ետք ծնած գործերը: Սակայն, ինչպէս արձանագործը ըսաւ, այնպէս կը պատկերէ, որ բոլոր ազգերուն ալ հասկանալի ըլլան. «Արուեստի լեզուն մէկ է բոլոր ազգերուն համար: Արուեստի մէջ ինծի համար կարեւոր է ցնցումը, շատ զօրաւոր ազդեցութիւնը յաճախ կրնայ այդ ազդեցութիւնը նաեւ վատ իմաստով ըլլալ, բայց կարեւորը` ըլլայ իրական  ազդեցութիւն», «Ազդակ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Րաֆֆի Թոքաթլեան:

Արուեստաբանները անոր ուղղութիւնը կը նկատեն գերիրապաշտական, սակայն Րաֆֆի Թոքաթլեան հակուած է իր աշխատանքները անուանելու կենսական գերիրապաշտական: Կ՛ըսէ, որ ամենամեծ ազդեցութիւնն իր վրայ իբրեւ ստեղծագործող ունեցած է Վերածնունդի արուեստը, ինչպէս նաեւ` դասական ու ժամանակակից արձանագործութիւնը: Վերջին շրջանին ազդուած է նաեւ ճափոնական մշակոյթէն. շաբաթներ առաջ  Ճափոնի մէջ ունեցած է ցուցահանդէս մը, որ արժանացած  է գնահատանքի եւ վաճառուած են բոլոր գործերը:

Իսկ Րաֆֆի Թոքաթլեանի այս տարուան նուաճումը Լիբանանի «Սըրսոք » թանգարանի  գլխաւոր մրցանքին արժանանալն էր: Ան լիբանանեան հեղինակաւոր այս ցուցադրութեան մասնակցած է առաջին անգամ: Իսկ առհասարակ Թոքաթլեան ցուցահանդէսներու գրեթէ չի մասնակցիր, քանի որ ունի անձնական  ցուցասրահ, ուր մնայուն կերպով ցուցադրուած են իր աշխատանքները: Կ՛ըսէ, որ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը իր գոյութեամբ  մեծ փոփոխութիւն մըն է հայկական մշակութային կեանքին մէջ (ինքն ալ ցուցասրահին գեղարուեստական յանձնախումբին անդամ է) եւ այս անգամ պիտի փորձէ ստուգել մանաւանդ հայ արուեստասէրին զգացողութիւնները` իր արուեստին հանդէպ: Կ՛ըսէ, որ միջազգային ցուցադրութիւններու ժամանակ միշտ կը շեշտէ իր հայկական ծագումը, ինչ-որ լրացուցիչ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ աշխատանքներուն հանդէպ: Կ՛աւելցնէ, որ իր ստեղծագործութիւններուն մէջ առկայ ճիչը, այո, կու գայ հին աշխարհէն, սակայն պահ մը կանգ կ՛առնէ Հայոց ցեղասպանութեան  ժամանակաշրջանին ու կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը, երբ կրկին անպակաս չեն փլուզումները, անարդարութիւնները, սպանդն ու քանդումը: Իր` արուեստագէտին բողոքը այդ քանդումին, ապականումին եւ նորօրեայ այլ  խնդիրներու դէմ է:

Րաֆֆի Թոքաթլեանին ցուցահանդէսը «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ կը շարունակուի մինչեւ 21 մայիս:

Պատրաստեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Share this Article
CATEGORIES