Հաղորդագրութիւն. Գրողներու Համահայկական Վեցերորդ Համաժողովի Երեւան 20-24 Ապրիլ 2012
Մեկնելով պատմական երեւոյթներէ,- Հայ Գրատպութեան 500-ամեակ, Հայ Գրականութիւնը մէկ ամբողջութիւն դիտելու կանոնագրային խիզախ որոշում եւ Երեւանը Գիրքի Միջազգային Մայրաքաղաք հռչակաւոր ԻՒՆԵՍՔՕ-ի որոշում,- շարունակելով իր նախորդներուն բիւրեղացած աւանդութիւնները, նպատակ ունենալով առաւելապէս Հայ գիրքի հրատարակութեան եւ տարածման խնդիրները, Գրողներու Համահայկական 6-րդ Համաժողովը քննարկումներ կատարեց եւ եզրակացուց.
1. Համաժողովի ընթացքին արծարծուեցան հայ գիրքի տարածման եւ վաճառման խնդիրները: Գիրքերու տպաքանակը հասած է մտահոգիչ համեմատութիւններու եւ անոնք լոյս չեն կրնար տեսնել առանց նպաստի: Ընթերցող զանգուածը նուազած է, Հայաստան եւ Սփիւռք, հետեւանք` գրատուներու զանգուածային փակումին, իսկ կարգ մը շրջաններու մէջ անոնք անհետացած են: Այս մարզէն ներս, պետական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու աջակցութեան լուրջ խնդիր կայ, որպէսզի գիրքերը լոյս տեսնեն, տարածուին եւ ունենան համազգային ընթերցող զանգուած, եւ հայ գրողը կարենայ ապրիլ իր գրիչով` ինչպէս այլ ժողովուրդներու գրողները, եւ գրականութիւն չմշակէ սիրողական պայմաններու մէջ: Այլ խնդիր է որակաւոր գրական քննադատութիւնը,- ո՛չ գրախօսութիւնը,- որ այս առաջադրանքին կրնայ մեծապէս նպաստել:
2. Պայմաններու բերումով, հայերէնի բառապաշարը եւ շարահիւսութիւնը ենթարկուած են բացասական ազդեցութիւններու, ոմանց հայերէնի չտիրապետելուն պատճառով: Ժամանակակից արհեստագիտութեան նուաճման հետեւանքով ստեղծուած եզրերը ընդհանրապէս չունին իրենց հայերէն համարժէք բառերը կամ դժուարութեամբ եւ ուշացումով կը ստեղծուին: Ասոր կողքին, դիւրութեան կամ արդիական համարուելու համար, հայերէնի մէջ կը փոխադրուին օտար բառեր, ըստ ժամանակի եւ աշխարհագրական գօտիի, տարբեր մշակոյթներէ եւ լեզուներէ: Եզրաբանական լուրջ եւ հետեւողական աշխատանքով աստիճանաբար հարկ է վերականգնել մեր մեծասքանչ լեզուն, ի հրաւէր գրականութեան, բայց նաեւ` զանգուածային հաղորդակցական միջոցներու ճամբով – թերթ, հեռատեսիլ,
ձայնասփիւռ, համացանց: Մասնաւորաբար, հայաստանեան հեռատեսիլը պէտք է ծառայէ հայերէն լեզուի բիւրեղացման ու տարածման` սփիւռս աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ: Ժարկոնային լեզուն «կը նպաստէ» հայերէնի աղճատման ու հասարակութեան այլասերման: Յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել սփիւռքին` արեւմտահայերէն լեզուով յայտագիրներու պատրաստութեամբ ու տարածումով: Ո՛չ մէկ ձեւով կարելի է արդարացնել «լատինատառ հայերէն»-ի եւ ռուսաբանութիւններու գործածութիւնը: Հրամայական է եզրաբանական կոմիտէի վերականգնումը:
3.- Հայ գրականութեան միջազգայնացման հարց ունինք, որ սոսկ ցանկութիւն կը մնայ, եթէ չստեղծուին հեռանկարային կազմակերպական եւ նիւթական անհրաժեշտ պայմանները: Հարկ է կատարել միջազգային հանրութեան ներկայացուելիք գիրքերու ընտրութիւնը, գրական առողջ եւ նախասիրութիւններէ անկախ կազմակերպումով եւ դատումով, ապա` միջազգային քանի մը լեզուներով,- անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, սպաներէն, արաբերէն, ի հարկին` չինարէն, հնդկերէն, ճափոներէն եւ այլն,- զանոնք թարգմանել իւրաքանչիւր լեզուի յատուկ որակով, մեկնելով այն յստակ մտածումէն, որ թարգմանական գրականութիւնը իր կարգին ստեղծագործութիւն է, եւ զանոնք լոյս ընծայել` համագործակցելով տարածման կառոյց ունեցող միջազգային հրատարակչատուներու հետ: Կենսական է թարգմանիչներու համալսարան ստեղծել Գրողներու միութեան կից: Քանի մը հազար տպաքանակով գիրքերը, որոնք կը մնան աշխարհագրական եւ հայկական նեղ շրջանակներու մէջ, միջազգայնացման ո՛չ մէկ երաշխիք կրնան ներկայացնել: Թարգմանութիւնը պէտք է հիմնուի համապարփակ եւ նպատակասլաց իր երկարաշունչ ծրագիրին վրայ:
4.- Հայ գրողին պէտք է օժանդակեն պետութիւն, բարեսիրական եւ մշակութային կազմակերպութիւնները, որպէսզի ան ստեղծագործէ բարւոք պայմաններու մէջ: Պէտք է կազմակերպել գիրքին ո՛չ միայն հրատարակումը, այլեւ` անոր սպառումը, տարածումը, ծանօթացման աշխատանքը եւ իրականացնել քննադատական գնահատումը` ըստ արժանւոյն:
5.- Համաժողովը պարտք դրաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան վրայ` օժանդակելու հայ գրողներու բոլոր սերունդներուն, ինչպէս նաեւ Միութեան վարչութեան յանձնարարեց հրատարակել համահայկական գրական հանդէս մը, որ ըլլայ արտայայտութեան բեմը բոլոր սերունդներուն, մասնաւորաբար արժանաւոր երիտասարդներուն:
Պետութիւն, քաղաքական կազմակերպութիւններ, մշակութային միութիւններ, զանգուածային լրատուամիջոցներ, հասարակութիւն, իրենք զիրենք տէր եւ մասնակից պէտք է համարեն այս աշխատանքին, որպէսզի ազգային խորք եւ հպարտութիւն ունենան հայկական ընկերութեան բոլոր խաւերը:
ԳՐՈՂՆԵՐԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՎԵՑԵՐՈՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

