Ռոպեն Իր Պայմանագրութիւնը Երկու Տարիով Երկարաձգեց Պայէրն Միւնիխի Հետ
Հոլանտացի միջազգային յառաջապահ Արժեն Ռոպեն երէկ եկաւ վերջ մը դնելու շրջան ընող տարաձայնութիւններուն, ըստ որոնց, այս տարեշրջանին աւարտին ինք պիտի լքէ իր կազմը, երբ երկու տարուան նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր ակումբին` Պայէրն Միւնիխի հետ:
Ռոպեն, որ 2009-ին Ռէալ Մատրիտէն միացաւ գերմանական ակումբին, այսպիսով մինչեւ 2015 մաս պիտի կազմէ Պունտըսլիկայի խումբին:
Ռոպեն, որ նախորդ հոկտեմբերին թէեւ ենթարկուեցաւ ծունկի վիրաբուժութեան, սակայն յաջողեցաւ ինքզինք վերագտնել, յառաջիկայ 19 մայիսին «Չեմփիընզ լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ Չելսին, իսկ այս մրցումէն եօթը օր առաջ, Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ Պորուսիա Տորթմունտը:
CATEGORIES Մարզական


