Սպանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Ռէալ Մատրիտ 32-րդ Անգամ Ըլլալով Ախոյեան

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 36-րդ հանգրուանի մրցումներուն, մայրաքաղաքի կազմը` Ռէալ Մատրիտ 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դաշտէն, 32-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Սպանիոյ ախոյեան:

Անոր անմիջական եւ ոխերիմ մրցակիցը` Պարսելոնա եւս, թէեւ 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մալական, սակայն նկատի ունենալով, որ ախոյեանութեան աւարտին մնացած է երկու հանգրուան միայն եւ Ռէալ Մատրիտ եօթը կէտի առաւելութիւն մը ունի, 2011-2012 տարեշրջանը փակուած նկատուեցաւ` մայրաքաղաքի կազմին ախոյեան հռչակումով:

Share this Article
CATEGORIES