Էն. Պի. Էյ. – Փլէյ Օֆի Մրցումներ. Սփըրզ Եւ Փէյսըրզ Կը Յառաջանան Իրենց Մրցակիցներուն Վրայ
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Սան Անթոնիօ Սփըրզ 114-83 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Եութա Ճեզը, 2-0 արդիւնքով գերազանցեց զայն: Հակառակ անոր որ Սփըրզ նշանակեց 114 կէտ, սակայն անոր կազմէն ամէնէն աւելի շատ կէտ նշանակեց Թոնի Փարքըր` 18 կէտ:
Ինտիանա Փէյսըրզ, որ 97-74 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Օրլանտօ Մեճիքը, 2-1 արդիւնքով գերազանցեց զայն:
Իսկ երրորդ մրցումին, Մեմֆիս Կրիզլիզ, որ 105-98 արդիւնքով յաղթեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզի, յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել 1-1 արդիւնքով:
Նիւ Եորք Նիքս այսօր կը հիւրընկալէ Մայեմի Հիթը, իսկ Տալաս Մավըրիքս` Օքլահոմա Սիթին: Նշենք, որ Հիթ եւ Օքլահոմա այժմ 2-0 արդիւնքով կը յառաջանան:
CATEGORIES Մարզական

