Սերժ Սայիտ Պիտի Մեկնի Ֆուլհեմ

Սերժ Սայիտ (ձախին) եւ Տէյվիտ Նաքետ (Լուսանկարը Տրամադրեց Ատնան Հաժ Ալի)

Յառաջիկայ շաբաթասկիզբին, լիբանանեան Ռասինկի եւ Տէյվիտ Նաքետի աքատեմիային մաս կազմող Սերժ Սայիտ պիտի մեկնի անգլիական Ֆուլհեմ ակումբ, ուր պիտի մնայ վեց օր` խումբին հետ կատարելով յատուկ փորձեր:

Սայիտին այս առիթը ընծայուեցաւ` նկատի ունենալով, որ Նաքետի խումբին հետ Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքի մը իր մասնակցութիւնը բերելով դարձաւ բոլորին ուշադրութեան առարկան եւ այդ իսկ պատճառով հրաւիրուեցաւ Լոնտոն:

Ան ըսաւ, որ ասիկա իրեն համար իսկապէս անակնկալ մըն էր` նկատի ունենալով, որ չէր յուսար, թէ այսպիսի իրականութեան մը դէմ յանդիման կը գտնէ ինքզինք:

 

Share this Article
CATEGORIES