Մարտին Մելքոնեան Լոնտոնի Ողիմպիական Խաղերուն Պիտի Ներկայացնէ Ուրուկուէյը
Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ 2012-ի Լոնտոնի Ամառնային ողիմպիական խաղերուն Մարտին Մելքոնեան պիտի ներկայացնէ Ուրուկուէյը` լողարշաւի մրցումներուն:
Ուրուկուէյի մէջ ծնած Մելքոնեան, որ 11 տարիէ ի վեր կը զբաղի լողարշաւով, ունի հայկական արմատներ` նկատի ունենալով, որ անոր մեծ հայրը եւ մեծ մայրը տարիներ առաջ Հայաստանէն տեղափոխուած են Ուրուկուէյ:
Նշենք, որ Մարտինի եղբայրը` Խոսէ Գաբրիէլ, որ նոյնպէս լողորդ է, նախորդ տարի Ուրուկուէյի խումբին հետ ժամանեց Հայաստան` մասնակցելու համար համահայկական խաղերուն: Անոնք այժմ կը պատրաստուին Ողիմպիականի լողարշաւի խաղերուն:
Մասնակցելով դպրոցական, պատանեկան, համաամերիկեան, լատինամերիկեան, հարաւամերիկեան, ինչպէս նաեւ աշխարհի լողարշաւի ախոյեանութեան, Մարտին տիրացած է շուրջ 400 մետալի եւ պատուոյ գիրի:
Ան իր եղբօրը հետ օրական 5 ժամ լողարշաւի փորձեր կ՛ընէ, այսինքն` օրական կը լողայ ընդամէնը 8000 մեթր:
Կը կարծուի, որ յաջորդ համահայկական խաղերուն Մարտին Մելքոնեան առաջին անգամ ըլլալով պիտի ժամանէ Հայաստան եւ մասնակցի լողարշաւի մրցումներուն:


