Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութի Տղաքն Ու Աղջիկները Քաշուեցան Ախոյեանութենէն

Մինչ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութիւնը կը մօտենար իր աւարտին, երէկ հրապարակուեցաւ ոչ այդքան լաւ լուր մը, որ կը վերաբերի Ռիատի Պէյրութի տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութենէն քաշուելուն:

Ասիկա հետեւանքն էր Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին գումարած երկու արտակարգ նիստերուն, որոնց ընթացքին ֆետերասիոնը` հիմնուելով օրէնքի վրայ, տուաւ կտրուկ որոշումներ:

Նախ եւ առաջ, Ռիատիի մարզիկներէն Իսմայիլ Ահմետ թիւ 153 օրէնքին հիմամբ մէկ մրցումով կախակայուեցաւ, որովհետեւ Անիպալ Զահլէի դէմ տեղի ունեցած ֆայնըլ ֆորի չորրորդ մրցումին անարգական խօսքեր եւ հայհոյանքներ տեղացուց ֆետերասիոնին հասցէին:

Ատկէ բացի, ֆետերասիոնը որոշեց, որ հինգերորդ եւ վերջին մրցումը (որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար երէկ) փոխան` Ռիատի դաշտին կատարել Անդրանիկի դաշտին` ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), ուրբաթ, 4 մայիսին, երեկոյեան ժամը 17:45-ին:

Ֆետերասիոնին ժողովին որոշուեցաւ հինգերորդ մրցումը կատարել առանց համակիրներու, որպէսզի այդ ճակատագրական մրցումը կիսատ չմնայ` նկատի ունենալով, որ երկու կազմերուն համար ալ յաղթանակը կը նկատուի կարեւոր:

Նշենք, որ չորրորդ մրցումին տեղի ունեցած խռովութիւններուն եւ Անիպալի անկարգապահ համակիրներուն պատճառով Զահլէի կազմը հինգ միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES