Այսօր Կը Սկսին Վաճառուիլ Հայաստան – Ղազախստան Մրցումին Տոմսերը
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ այսօր` ուրբաթ, 4 մայիսին, պիտի սկսին վաճառուիլ Հայաստան – Ղազախստան ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին տոմսերը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 5 յունիսին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Հիւսիսային եւ հարաւային թրիպիւններուն սակը ճշդուած է 3000 դրամ, արեւելեան թրիպիւնինը` 5000 դրամ, իսկ արեւմտեանինը` 8000 դրամ:
CATEGORIES Մարզական

