«Թուրքիան Միայն Բարեկամ Կամ Կարողական Բարեկամ Երկիրներ Ունի» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու 77 երկրի երիտասարդ դիւանագէտներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին խօսած է թրքական դիւանագիտութեան մասին:
Ան ուսանող դիւանագէտներուն խորհուրդ տուած է աւելի ուշադիր ըլլալ դիւանագիտութեան հոգեբանական եւ մտաւորական կողմերուն` նշելով, որ որեւէ խնդիր լուծելու համար պէտք է կողմերուն միջեւ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծուի:
«Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան փիլիսոփայութիւնը հետեւեալն է. մենք թշնամի պետութիւններ չունինք եւ երկիրները կը բաժնենք հետեւեալ ձեւով` բարեկամ երկիրներ եւ կարողական բարեկամ երկիրներ: Մենք որեւէ ազգ թշնամի չենք նկատեր», ըսած է ան:
CATEGORIES Միջազգային

