Հոլլանտ Քուէներուն 53.5 Առ Հարիւրը Պիտի Ապահովէ, Իսկ Սարքոզի` 46.5 Առ Հարիւրը
Ֆրանսական լրատուամիջոցներ չորեքշաբթի օր հրապարակեցին «Պէ. Վէ. Ա.» ընկերութեան կողմէ կատարուած հարցախոյզ մը, ըստ որուն, Ֆրանսայի նախագահութեան ընկերվարական թեկնածու Ֆրանսուա Հոլլանտ 6 մայիսին նախատեսուած ընտրութեան երկրորդ հանգրուանին ընթացքին պիտի ապահովէ քուէներուն 53.5 առ հարիւրը, իսկ գործող նախագահ Նիքոլա Սարքոզի` 46.5 առ հարիւրը:
Հարցախոյզը կատարող ընկերութեան տնօրէն Կայէլ Սլիման կը յայտնէ, որ Հոլլանտ Սարքոզիի հետ պատկերասփռուած բանավէճին նախօրեակին հանգիստ առաւելութիւն մը կը վայելէ, սակայն Սարքոզիի համար կացութիւնը բաղդատմամբ «Պէ. Վէ .Ա.»-ի 24-25 ապրիլին կատարած հարցախոյզի արդիւնքին կը բարելաւուի եւ գրեթէ հասած է նախագահական ընտրութեան առաջին հանգրուանի արդիւնքի մակարդակին: Բաղդատմամբ նշեալ նախկին հարցախոյզին, Հոլլանտ մէկ կէտ կորսնցուցած է, իսկ Սարքոզի մէկ կէտ շահած է:
Նշենք, որ վերջերս «Իփսոս» հիմնարկին կատարած հարցախոյզը ցոյց տուած էր, որ Հոլլանտ քուէներուն 53 առ հարիւրը պիտի ապահովէ, իսկ Սարքոզի` 47 առ հարիւրը:
Ըստ «Պէ. Վէ. Ա.»-ի հարցախոյզին, Սարքոզի Ազգային ճակատի ղեկավար Մարին Լը Փենի ի նպաստ քուէարկած քուէարկողներուն 57 առ հարիւրին զօրակցութիւնը կը վայելէ, ինչ որ անցեալ շաբթուան բաղդատմամբ 10 կէտով աւելի է: Սլիման կը յայտնէ, որ նշեալ ընտրազանգուածի Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածուին նկատմամբ զօրակցութիւնը կը շարունակէ շատ տկար մնալ (21 առ հարիւր): Ֆրանսուա Պայրուի քուէարկած քաղաքացիներուն մէջ երկու թեկնածուներուն նկատմամբ զօրակցութիւնը հաւասարապէս 36 առ հարիւր է:
Հարցախոյզը նաեւ ցոյց կու տայ, որ քուէարկողներուն 16-20 առ հարիւրը պիտի չմասնակցին ընտրութեան, իսկ հարցախոյզին մասնակիցներուն միայն 11 առ հարիւրը կրնայ իր դիրքորոշումը պատկերասփռուած բանավէճէն ետք փոխել:
Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային ճակատի ղեկավար Մարին Լը Փեն Փարիզի Օփերայի հրապարակին վրայ կատարուած ցոյցի մը ժամանակ իր հետեւորդներուն նախագահական թեկնածուներէն ոեւէ մէկուն ի նպաստ քուէարկելու յստակ կոչ չէ ուղղած, այլ նշած է. «Քուէարկեցէ՛ք ձեր համոզումներուն համաձայն, ազատ»:

