Սուրիոյ Մէջ Ապահովական Վատ Կացութիւնը Կը Յամենայ
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է:
Անան Տաւութօղլուին հեռաձայնելով` վերջինիս ներկայացուցած է Սուրիոյ մէջ գործող դէտերու առաքելութեան գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ: Շուրջ 15 վայրկեան տեւած հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին Տաւութօղլու ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչին ներկայացուցած է Սուրիոյ իրավիճակին մասին թրքական կողմին տեսակէտը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտարարած է, որ Քայիտա ահաբեկչական կազմակերպութիւնը կը փորձէ Սուրիոյ մէջ պայթունավտանգ իրավիճակ ստեղծել:
«Մենք չափազանց անհանգստացած ենք այն բանով, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները, մասնաւորաբար Քայիտան, կը փորձեն երկրին մէջ տիրող իրավիճակը իրենց նպատակներու համար օգտագործել: Ի հարկէ, մենք նախկինին պէս սուրիական կառավարութենէն կը պահանջենք զօրքերը տագնապալի գօտիէն դուրս բերել եւ շարունակել ՄԱԿ-ի յատուկ բանագնաց Քոֆի Անանի ծրագիրին գործադրութիւնը», ըսած է ան:
Մինչ այդ, սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ 133 անձեր Ռիֆ Տիմաշքի մէջ անձնատուր եղած են եւ խոստացած այսուհետեւ զէնք չբարձրացնել, իսկ բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Սուրիա 2010-ին 168 միլիոն տոլար արժողութեամբ զէնք ներածած է:
Միւս կողմէ, սուրիական պաշտօնական աղբիւր մը «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ երկրին մէջ տիրող ներկայ կացութեան պատճառով Հալէպի համալսարանը կը փակուի: ԱՖՓ հաղորդեց, որ Հալէպի պետական համալսարանին մէջ բազմամարդ ուսանողական ցոյցէ մը ետք, սուրիական ապահովական ուժերը չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին համալսարան ներխուժած են:
«Եու. Փի. Այ.» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ անծանօթ զինեալներ չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին ահաբեկած են Ղովմի կուսակցութեան ղեկավարի որդին` Իսմայիլ Ալի Հայտարը:


