Սէուտցի Գործիչներ 7 Մայիսը Ազատականութեան Օր Կը Հռչակեն

Սէուտցի գործիչներ յայտարարեցին, որ 7 մայիսը Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ազատականութեան օր պիտի ըլլայ` վստահեցնելով, որ այս քայլը պատճառ պիտի դառնայ, որ իրենց եւ ընկերութեան վրայ իշխող կրօնական հոսանքին միջեւ պայքարը սրի:

Անոնք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ Ազատականութեան օրուան հռչակումը տեղի կ՛ունենայ թագաւորութեան մէջ պայմաններու փոփոխութեանց լոյսին տակ` նշելով, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ կեանքը կը յատկանշուի կրօնի վրայ հիմնուած պարտադիր կարգաւորումով մը, որ ընկերութեան ամբողջական կերպով տիրելու ձեւ մըն է:

Share this Article
CATEGORIES