«Զուարթնոց» Կեդրոնի Ուտեստեղէնի Եւ Ձեռային Աշխատանքներու Վաճառք

«Կեդրոնի Մանուկներուն Հոգատարութեամբ
Աստուծոյ Շնորհն Է, Որ Կ՛Երեւի»

Յայտնեց Գեղամ Արք. Խաչերեան

 

Ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Հ. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի, քահանայ հայրերու, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Նելլի Վեքիլեանի, Լիբանանի Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու  միութեան ատենապետ Քրիսթին Սարգիսեանի, ընկերային հաստատութեանց ու յարակից  մարզերու բարերարներ եւ պատասխանատուներ Սեդա Փամպուքեանի, Անի Գալուստի, Ալիս  Մինասեանի, Լենա Ճեպեճեանի, արուեստագէտ  Լիւսի Թիւթիւնճեանի, հայ թէ ոչ հայ պետական  ու  միութենական ներկայացուցիչներու եւ «Զուարթնոց» կեդրոնի ծնողներուն  ու բարեկամներուն, ընկերային յատուկ ձեռնարկ մը  տեղի ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 3 մայիսի առաւօտուն, «Զուարթնոց» կեդրոնին մէջ, նոր-Հաճըն:

Բարերար Սոնիա Սարգիսեանի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած  «Զուարթնոց» կեդրոնի ուտեստեղէններու եւ ձեռային աշխատանքներու վաճառքի  ձեռնարկը սկսաւ լիբանանեան ու հայկական քայլերգներուն ունկնդրութեամբ, ապա Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի օրհնութեան աղօթքով, որմէ ետք «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէն Արաքսի Տապպաղեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը:

Հայերէնով ու արաբերէնով արտասանած իր  խօսքին մէջ Տապպաղեան, Հայ համայնքի  ընկերային ծառայողներու միութեան, «Զուարթնոց» կադրոնի վարչութեան, պաշտօնէութեան եւ աշակերտութեան անունով ողջունեց ներկաները` օրհնութիւն նկատելով  «Աստուծոյ շնորհքով սկսած 25-ամեայ այս կեդրոնի գործունէութեան առաքելութիւնը»:  Աստուածաշունչէն մէջբերումներ կատարելով`  Արաքսի Տապպաղեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու յատկապէս` հայ համայնքի տիկնանց կազմակերպութիւններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք «անսալով մեր կոչին, ընդառաջեցին իրենց նիւթական ու բարոյական մասնակցութեամբ»: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ազգային բարերար տէր եւ տիկին  Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեաններուն, որոնք չեն զլանար ազգային համագործակցութեան ոգիով իրենց նիւթական թէ բարոյական մասնակցութիւնը բերել ազգօգուտ բոլոր ձեռնարկներուն:

Տապպաղեան այնուհետեւ հրաւիրեց  առաջնորդ  սրբազանը իր սրտին խօսքը ըսելու: Իր խօսքին մէջ Գեղամ արք. Խաչերեան դրուատեց «Զուարթնոց» կեդրոնի եւ անոր պատասխանատուներուն ժրաջան աշխատանքն ու հոգատարութիւնը` նշելով, որ ներկայ գտնուելով այս կեդրոնին մէջ` կ՛ընդառաջենք Աստուծոյ կամքին: «Այս կարիքաւոր փոքրերուն նկատմամբ ամբողջական սէր եւ գուրգուրանք  ցուցաբերելով Աստուծոյ շնորհն է, որ կը յայտնուի», ընդգծեց Գեղամ սրբազան` մէջբերումներ կատարելով Յովհաննու  Աւետարանէն ու Պօղոս առաքեալի խօսքերէն`  «չարութեան մէջ մանուկ  մնացէք, չարութիւնը թող չաճի ձեր մէջ» ըսելով:

Իր կարգին, Լիբանանի Հայ համայնքի ընկերային  ծառայողներու միութեան ատենապետ Քրիսթին  Սարգիսեան ողջունեց ներկաները` մեծապէս գնահատելով «Զուարթնոց» կեդրոնի պատասխանատուներու հոգատար գործունէութիւնը` շեշտելով ընկերային այս մարզի ծառայութեան կարեւորութիւնը հայ կեանքին մէջ:

Ապա ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին կեդրոնի աշակերտներէն Մարիա Գուճանեան եւ Ժաք  Սեփեթճեան կատարեցին «Ո՞ւր գնացիր, ո՞ւր մնացիր էս գիշեր» զաւեշտախառն զուգերգը: Այլ աշակերտ մը արաբերէնով արտասանեց, իսկ Ժան Լիւք երգեհոնի վրայ նուագեց «Խաղաղութիւն աշխարհի» երգը: Կեդրոնին վերջերս վերամիացած աշակերտներէն մէկը  փոխանցեց իր վկայութիւնը` շեշտելով իր սէրն ու երախտագիտութիւնը կեդրոնին նկատմամբ: Աւարտին կեդրոնի աշակերտները կատարեցին խմբերգ մը:

Ապա բարերար Սոնիա Սարգիսեան հատեց վաճառքի ցուցասրահի մուտքի ժապաւէնը, որմէ ետք սկսաւ ուտեստեղէններու եւ ձեռային աշխատանքներու վաճառքը:

Նշենք, որ ցուցասրահի մուտքին ներկաներէն իւրաքանչիւրը ստացաւ «Նիվէա»  ընկերութեան  կողմէ տրամադրուած յատուկ նուէր  մը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES