Համաժողովէն Ետք…(Քանի Մը Խօսք` Փոխան Մուտքի)

Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

Հիմա, երբ Գրողներու Համահայկական Զ. Համաժողովին վարագոյրը իջած է արդէն եւ 20 երկիրներէ Երեւան ժամանած շուրջ 60 գրողները վերադարձած են իրենց տուները, երբ նոր ծանօթացումները, տարիներու մտերմութեամբ եղբայրացած գրչեղբայրներու հետ կարօտախառն ողջագուրումները եւ սրտբաց ու ջերմ զրոյցները սկսած են դառնալ քաղցր յուշ ու կարօտ, կը կարծենք, պահն է, որ մէն մի մասնակից գրող հաշուեյարդարի նստի եւ ճշդէ ո՛չ միայն իր շահածը, այլեւ` կորսնցուցածը, որուն առնչութեամբ ի՜նչ-ի՜նչ յոյսեր եւ ակնկալութիւններ էր հիւսած` դէպի Երեւան ճամբայ ելլելէ առաջ:

Առաջին իրագործումը, անկասկած, սփիւռքի արժանաւոր գրողները իրենց հայրենի գրչեղբայրներուն հետ հաւասարէ-հաւասար դատող կանոնագրային պատմական որոշումն էր, որուն մշակութային, ազգային եւ պատմական նշանակութիւնը վեր առած էին եւ առին բոլո՛րը անխտիր` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանէն մինչեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ եւ սփիւռքի գրողներու պատուիրակութեանց անունով ելոյթ ունեցող յարգելի դէմքերէն մինչեւ Համաժողովին մասնակից հայրենի սակաւաթիւ գրողները: Երկրորդը` Երեւանը Գիրքի Միջազգային Մայրաքաղաք հռչակած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի որոշումին առիթով, 23 ապրիլի գիշերը, Մատենադարանի երկինքն ի վեր խոյացող հրապուրիչ հրավառութիւնն ու Մաշտոցի պողոտային երկայնքին բռնկած հարիւր հարիւրաւոր երիտասարդներու պարային շլացուցիչ փառատօնն էր, բառին ազնուագոյն առումով համամարդկային, բայց էապէս հայաբոյր ու հայահունչ տօնահանդէսը, որուն կախարդական հմայքէն հմայուած` Լիբանանի մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն պիտի խոստովանէր ամենայն անկեղծութեամբ. «Չէի կրնար երեւակայել, որ ա՛յսքան կենդանի, կենսուրախ եւ արուեստով ապրող ու շնչող հոյակապ ժողովուրդ էք: Քսան տարին ոչինչ է իր անկախութեան նոր տիրացած ժողովուրդի մը համար: Երանի ձեզի: Հաւատացէք, որ այս հայկական հրճուանքը երբեք պիտի չմոռնամ»:

Այս անմոռանալի պահը, անշուշտ, խորապէս պիտի արձագանգէր տօնահանդէսին մասնակից իւրաքանչիւր հայու հոգւոյն խորը: Հայաստանն ու հայութիւնը մրցումի ելած էին իրենց ճակատագրին դէմ: Մոռցած տնտեսական ծանր կացութիւն եւ առօրեայ ահաւոր հոգեր` կը պարէին բոլորը, եւ ժպիտն ու հպարտութիւնը կը թնդային բոլորի՛ն դէմքերուն վրայ եւ աչքերուն խորը:

Սրբազան  տօն էր եւ հայավայել տօնահանդէս, իսկ մնացեալը` մետալին մութ երեսն էր – համաժողովին պատճառած յուսախաբութիւնը: Բայց ճիշդ պիտի ըլլար ջուր չխառնել գինիին եւ յուսախաբութիւններու հաշուեյարդարը կատարել առանձինն, աւելի ուշ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES