«Երուանդ Օտեան» Թատերախումբի «Ռիւ Սիս, Քաֆէ Մասիս» Թատերախաղի Ներկայացում
Երէկ` ուրբաթ, 4 մայիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ «Թէքէեան» մշակութային միութեան «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը հանդէս եկաւ «Ռիւ Սիս, Քաֆէ Մասիս» թատերախաղով, հեղինակ եւ բեմադրիչ` Վաչէ Ատրունի:
Այս գործը շարունակութիւնն է առաջին թատերախաղին, որ կը կոչուի «Մեր թաղը»: Եռախաղ թատերգութիւն մըն է, որ իր ամբողջութեան մէջ կը կոչուի «Մեծ աշխարհի փոքրիկ անկիւնը»: Առաջինը Նոր Մարաշի մասին էր, այս մէկը Նոր Սիսի մասին է, իսկ երրորդը Արագածի շրջանի մասին պիտի ըլլայ: Բեմադրիչը այս եռախաղին մէջ կը ներկայացնէ իր մանկութեան եւ պատանեկութեան շրջանին կատարուած դէպքերն ու իրադարձութիւնները, որոնցմով կազմուած է լիբանանահայ կեանքի պատմութիւնը:
16 դերասաններ մօտ 2,5 ամսուան աշխատանքէ ետք յաջողութեամբ մեկնաբանեցին իրենց վստահուած դերերը:
Նշենք, որ ներկայացումները տեղի պիտի ունենան այսօր` 5, վաղը` 6 եւ 11, 12 եւ 13 մայիսին:

