Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը իր այցելութիւններուն շարքին հինգշաբթի, 3 մայիս 2012-ին հանդիպում մը ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին Շրջանային վարչութիւնը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի, ի մասնաւորի ԼԵՎԱՄ-ի աշխատանքները` տրուած ըլլալով, որ Հայկազեան համալսարանը տարիներէ ի վեր ստանձնած է հովանաւորութիւնը ԼԵՎԱՄ-ի խաղերուն, եւ այս առիթով վարչութիւնս հրաւիրեց վերապատուելի Հայտոսթեանը որպէսզի ներկայ գտնուի եւ համալսարանին խօսքը փոխանցէ ԼԵՎԱՄ-ի խաղերու փակման հանդիսութեան, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 13 մայիս 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-էն սկսեալ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին մէջ:

Վերապատուելի Հայտոսթեան ընդունեց հրաւէրը, ինչպէս նաեւ քաջալերեց եւ բարձր գնահատեց ՀՄԸՄ-ի բոլոր աշխատանքները` վեր առնելով ԼԵՎԱՄ-ի կարեւորութիւնը հայ աշակերտութեան դաստիարակութեան մէջ:

Վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց վերապատուելի Հայտոսթեանին` անոր ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան եւ ՀՄԸՄ-ի նկատմամբ ունեցած հետաքրքրութեան համար:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ  

 

Share this Article
CATEGORIES