Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս -Ռիատի Պէյրութ կիսաւարտական մրցումը: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), պիտի սկսի ժամը 16:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք այս մրցումին ներկայ գտնուիլ փափաքողները պիտի փոխադրեն ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոն, յետմիջօրէի ժամը 15:00-էն սկսեալ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրէն եւ «Շաղզոյեան» կեդրոնէն:
CATEGORIES Մարզական

