Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ – Անիպալ Զահլէ Կիսաւարտականի Հինգերորդ Մրցումը
Երէկ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարուած արտակարգ նիստին ընթացքին յայտարարեց, որ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի հինգերորդ եւ վերջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 5 մայիսին, որուն ընթացքին Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ պիտի հիւրընկալէ Անիպալ Զահլէն: Նշենք, որ անոնց միջեւ արդիւնքը կ՛ընթանայ 2-2 հաւասարութեամբ:
Ֆետերասիոնը իր այս որոշումը տուաւ, երբ երէկ անոր Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի եւ երկու ակումբներու պատասխանատուներուն միջեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը:
Ֆետերասիոնի կեդրոնատեղին այցելեց եւ անկէ ներում հայցեց Ռիատիի մարզիկ Իսմայիլ Ահմետ` ֆետերասիոնին եւ ի մասնաւորի ֆետերասիոնի անդամ Մարուն Ժըպրայելի հասցէին անարգական եւ նախատական խօսքեր ըսած ըլլալուն համար:
Նշենք, որ ֆետերասիոնին որոշումով վաղը` կիրակի, 6 մայիսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, պիտի սկսին աւարտական հանգրուանի մրցումները, երբ յստակացած կ՛ըլլայ Շանվիլի դէմ մրցում կատարող խումբին անունը:


