«Թուրքիա Միջին Արեւելքի Տէրը Չէ» Կ՛Ըսէ Տաւութօղլու
«Հիւրրիյէթ տէյլի նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու 3 մայիսին «Պաղեստինեան հարցը ՄԱԿ-ի հիմամբ» խորագիրով խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Թուրքիա Միջին Արեւելքի մէջ ռահվիրայի դերակատարութիւն կը կատարէ, եւ այդ մէկը «տիրակալական իմաստով» չէր ըսած:
Նշենք, որ ան 26 ապրիլին Թուրքիոյ խորհրդարանին յայտնած էր, որ «մենք այս նոր Միջին Արեւելքին սեփականատէրը, ռահվիրան եւ ծառան պիտի ըլլանք»:
«Մենք բոլոր մնացեալ ազգերուն հետ այս շրջանին սեփականատէրերն ենք, շրջանին հարցերը մերն են, ասիկա չի նշանակեր, որ անիկա մեր սեփականութիւնն է, այլ ուրիշ ժողովուրդներու հետ ուս ուսի շրջանի հարցերը լուծել կը նշանակէ», ըսաւ Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը:
Տաւութօղլու յայտնեց, որ «մենք ոեւէ մէկը վերէն դիտել չուզեցինք, սակայն ոեւէ մէկուն պիտի չարտօնենք մեզ շրջանէն անջատել»: Ան աւելցուց, որ մինչ Միջին Արեւելքը կը վերակառուցուի, Թուրքիա պիտի շարունակէ խաղաղութեան նոր համակարգի մը ռահվիրան ըլլալ: «Այս խաղաղութեան կիզակէտը պաղեստինեան հարցն է: Առանց պաղեստինեան հարցի լուծման միջազգային խաղաղութեան համակարգ մը չի կրնար հաստատուիլ», ըսաւ Տաւութօղլու:
Ան ըսաւ, որ Եգիպտոսի, Թունուզի եւ Լիպիոյ այսօրուան երիտասարդները կ՛ուզեն մէկ բան` «պատիւ»: «Միջին Արեւելքի մէջ երիտասարդներուն պատիւին վնաս հասցնող խնդիրը պաղեստինեան հարցն է: Այս շրջանի բոլոր ժողովուրդները արդէն 64 տարիներէ ի վեր անարգուած են», նշեց Տաւութօղլու:

