Հրապարակուած Են Պըն Լատենի Տունէն Գրաւուած 17 Փաստաթուղթեր
Միացեալ Նահանգներու մէջ հրապարակուեցան արաբերէն 17 փաստաթուղթեր, որոնք գրաւուած են Քայիտայի նախկին ղեկավար Ուսամա Պըն Լատենի տունէն:
Ամերիկեան մասնայատուկ ուժերու կողմէ սպաննուած ահաբեկչական կազմակերպութեան ղեկավարին եւ անոր օգնականին նամակները կը վկայեն, որ անոր գլխաւորած կազմակերպութիւնը վերջին տարիներուն անկում ապրած է, եւ ան անձամբ գրեթէ ոչինչի վերահսկած է, ինչպէս նաեւ բողոքած է իր համախոհներու պայքարի ձեւերէն:
Մասնաւորաբար, Պըն Լատեն դժգոհած է, որ ահաբեկչական յարձակումներուն ընթացքին չափէն աւելի մեծաթիւ անմեղ մահմետականներ կը սպաննուին:
Ան իր համախոհներուն կոչ ուղղած է «չկրկնելու Քայիտայի սխալները Իրաքի մէջ», ուր ահաբեկչական գործողութիւններու շղթայազերծման ժամանակ խաղաղ բնակչութեան շարքերուն մէջ հսկայական թիւով զոհեր արձանագրուած են:
CATEGORIES Միջազգային


