«Թուրքիա Կրնայ «Արաբական Գարուն»-ը Ապրող Երկիրներուն Համար Օրինակ Դառնալ» Կ՛Ըսէ Կիւլ

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի» ամսագիրին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով «Արաբական գարուն» ապրող երկիրներուն նշած է, որ անոնք յեղափոխական շարժումներ չեն եղած:

«Եթէ նայիք Թուրքիոյ, մենք տարիներ շարունակ ժողովրդավար եղած ենք: Խօսքի ազատութեան եւ բազմակարծութեան բերած օգուտները տեսած ենք: Սակայն արաբական երկիրները տարիներ շարունակ փակ եղած են, ժողովուրդի իրաւունքները ոտնահարած եւ ստիպուած եղած իրենց բռնապետերուն կոպիտ ճնշումներուն դիմանալ: Կ՛երեւի ճիշդ այդ պատճառով ալ այդ երկիրներուն մէջ ընդդիմութիւնը շատ աւելի բիրտ է», ըսած է ան:

Կիւլ պնդած է, որ Թուրքիա կրնայ օրինակ հանդիսանալ ժողովրդավարացման ալիք ապրող արաբական երկիրներուն համար:

 

Share this Article
CATEGORIES