Ֆրանսայի Նախագահական Ընտրութիւն. Հոլլանտ Կը Պահէ Իր Յառաջատար Դիրքը, Սարքոզի Կը Շարունակէ Իր Վերելքը

«Պի. Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի կեդրոնամէտ Ժողովրդավարական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Ֆրանսուա Պայրու, որ որոշ ժամանակ գործող նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի գործընկերն էր, յայտարարած է, որ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուանին իր ձայնը պիտի տայ Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Ֆրանսուա Հոլլանտին: Պայրու նախագահական ընտրութեան առաջին հանգրուանին քուէներուն 10 առ հարիւրը ապահոված էր:

Երէկ հրապարակուեցան Հոլլանտ-Սարքոզի պատկերասփռուած բանավէճէն ետք եւ Պայրուի յայտարարութենէն առաջ կատարուած հարցախոյզներուն արդիւնքները, որոնք ցոյց տուին, որ Հոլլանտ քուէներուն 52.5-53.5 առ հարիւրը պիտի ստանայ, իսկ գործող նախագահը 0.5 կէտի վերելք մը արձանագրած է:

Վաղուան ընտրութեան նախօրեակին հինգշաբթի գիշեր եւ ուրբաթ առաւօտ հրապարակուած բոլոր հարցախոյզներն ալ որոշ չափով նոյն արդիւնքները ցոյց կու տան: Մինչ Հոլլանտ կը շարունակէ պահել իր յառաջատար դիրքը, Սարքոզի կը շարունակէ վերելք արձանագրել:

«Թէ. Էն. Էս.Սոֆրես»-ի կատարած հարցախոյզին համաձայն, Հոլլանտ 1.5 կէտի նահանջ արձանագրած է եւ պիտի ապահովէ քուէներուն 53.5 առ հարիւրը, իսկ Սարքոզի` 46.5 առ հարիւրը: «Հարրիս Ինթերաքթիվ»-ի կատարած հարցախոյզին համաձայն, Հոլլանտ երկու կէտի նահանջ արձանագրած է եւ պիտի ապահովէ քուէներուն 53 առ հարիւրը, իսկ Սարքոզի` 47 առ հարիւրը:

Երեք այլ հարցախոյզներ, որոնք կատարուած են «Լը Փարիզիեն», «Լը Ֆիկարօ» եւ «Լը Մոնտ» օրաթերթերուն համար, ցոյց կու տան, որ Հոլլանտ քուէներուն միայն 52.5 առ հարիւրը պիտի ապահովէ, իսկ Սարքոզի` 47.5 առ հարիւրը:

Ընտրական քարոզարշաւը թէեւ երէկ կէս գիշերին վերջ գտաւ, սակայն Պայրուի յայտարարութեան պատճառով այս թիւերը կրնան մինչեւ կիրակի փոփոխութեան ենթարկուիլ:

Նշենք, որ 22 ապրիլին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան առաջին հանգրուանին Հոլլանտ ապահոված էր քուէներուն 28.63 առ հարիւրը, իսկ Սարքոզի` 27.18 առ հարիւրը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES