«Անանի Ծրագիրը Հակառակ Դանդաղ Ըլլալուն Ընթացքի Մէջ Է» Կ՛Ըսէ Ֆաուզի

Ահմետ Ֆաուզի

ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի բանբեր Ահմետ Ֆաուզի յայտարարեց, որ «(Սուրիոյ մէջ) գետնի վրայ գոյութիւն ունին ցուցանիշներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ թէեւ դանդաղ, սակայն յառաջդիմութիւն գոյութիւն ունի»` աւելցնելով, որ «գետնի վրայ գոյութիւն ունին ցուցանիշներ, զորս չէք տեսներ, ինչպէս նաեւ լուսարձակներէ հեռու միջնորդութիւն գոյութիւն ունի»:

Ֆաուզի նշեց, որ Անան 8 մայիսին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին պիտի զեկուցէ իր ծրագիրի գործադրութեան հոլովոյթին մասին` ընդգծելով, որ «Անանի ծրագիրը հունի մէջ է, կ՛ընթանայ, եւ կարելի չէ աւելի քան մէկ տարի առաջ սկսած տագնապ մը մէկ օրուան կամ շաբթուան ընթացքին լուծել»:

Ան աւելցուց, որ «իրողութեան մէջ, հարցը բոլոր թելերը հաւաքելու համար յաւելեալ ժամանակի պիտի կարօտի, սակայն վստահ եղէք, որ անոնք բոլորը տեղի պիտի ունենան»:

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ դէտերու առաքելութեան ղեկավար Ռոպըրթ Մուտ յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի դէտերու թիւը հասած է 50-ի: Ան ըսած է, որ Դամասկոս, Հոմս, Հալէպ, Համա, Իտլիպ եւ Տարաա քաղաքներուն մէջ դէտերու խումբեր կան եւ իրենք ՄԱԿ-ին ամէն օր զեկուցում կը ներկայացնեն:

Մուտ նշած է, որ դէտերու առաքելութեան յաջողութեան համար կողմերը պէտք է բռնութիւնը դադրեցնեն: «Իսկ պատուիրակութեան գործունէութիւնը  քննադատողները եւ անոնք, որոնք չեն հաւատար մեր յաջողութեան, պէտք է այլընտրանք ներկայացնեն», ըսած է ան:

Մինչ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Փեքինի մէջ յայտարարեց, որ եթէ սուրիական կառավարութիւնը Անանի ծրագիրին մէջ նշուած զինադադարը չգործադրէ, «ՄԱԿ պէտք է այլ որոշումներ հրապարակելու մասին մտածէ»: Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լիու Ուայմին յայտարարեց, որ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Պուրհան Ղալիունի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը երկուշաբթի օր Չինաստան պիտի այցելէ եւ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներուն հետ հանդիպում պիտի ունենայ:

Բանբերը նաեւ նշեց, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի ներկայիս Շանկհայ կը գտնուի եւ իր կարգին երկուշաբթի օր Փեքին պիտի այցելէ ու հանդիպում ունենայ արտաքին գործոց նախարար Եանք Ժիշիի եւ չինացի պաշտօնատարներու հետ` աւելցնելով, որ «երկու կողմերը խորաթափանց կերպով Սուրիոյ հարցին շուրջ տեսակէտներ պիտի փոխանակեն»: Բանբերը նաեւ ընդգծեց, որ «Սուրիոյ հարցին շուրջ Չինաստանի կեցուածքը չէ փոխուած»:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի» ամսագիրին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով թուրք-սուրիական յարաբերութեանց յայտնեց, որ «Ասատի հօր ժամանակ համացանց չկար, Դիմատետր, «Թուիթըր» չկային: Այլ աշխարհ էր: Պաշշար Ասատի հետ այդ մասին շատ խօսած եմ, անոր ըսած եմ, որ ժամանակները փոխուած են, եւ առաջուան պէս շարունակել չի կրնար: Այժմ, այդքան թափուած արիւնէն ետք վերադարձի ճամբայ չկայ, սակայն Ռուսիան եւ Իրանը ատիկա չեն ընդունիր: Միջազգային ընտանիքը պէտք է միասնական ըլլայ, որ կարենայ լուծել այդ խնդիրը», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, ՍԱՆԱ կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը աւարտած է 7 մայիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները:

Ներքին գործոց նախարար Հասան Ճալալի նշած է, որ քուէարկելու իրաւունք ունի 18 տարեկան իւրաքանչիւր սուրիացի` բացառութեամբ ծառայութեան մէջ գտնուող ոստիկաններու եւ զինուորներու: Սուրիոյ մէջ ընտրողներու ընդհանուր թիւը շուրջ 14.79 միլիոն է, իսկ խորհրդարանի 250 աթոռներուն համար թեկնածուներուն թիւը 7195 է:

 

Share this Article
CATEGORIES