Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ երէկ ակնարկեց «Սաֆիր» օրաթերթով հրապարակուած լուսանկարին, որուն մէջ կ՛երեւին ինք, ամերիկացի պաշտօնատար Ճեֆրի Ֆելթմանը եւ ամերիկացի դեսպան Մորա Քոնելլին` նկատել տալով, որ այդ նկարը քաղաքական սպանութիւն է: Հարպ յայտնեց, որ ինք «Սաֆիր»-ի դէմ դատական հարց պիտի չյարուցէ:
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթման երէկ Պէյրութէն մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քանտիլ զգուշացուց, որ Լիբանան կը գտնուի մեծ պայթումի մը սեմին. ան շեշտեց, որ այդ պայթումին նպատակն է ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու կարելիութիւնը ձախողեցնել:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ դէպի Սուրիա զէնք փոխադրող նաւուն գրաւումը լիբանանեան բանակին կողմէ արձանագրուած ազգային նուաճում մըն է:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ղաթթաս Խուրի յայտնեց, որ ամերիկեան օժանդակութիւնները կը մատուցուին լիբանանեան պետութեան, իսկ իրանեան օժանդակութիւնները` լիբանանեան քաղաքական որոշ կողմի մը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Քամել Ռիֆայի շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանի այցելութեան նպատակը գրգռութիւններ հրահրելու նպատակով եղած է եւ կարելի չէ զայն բաղդատել Իրանի փոխնախագահ Մոհամետ Ռիտա Ռահիմիի կատարած զուտ բարգաւաճման բնոյթ ունեցող այցելութեան:
ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, «Սթինկըր» տիպի հակաօդային հրթիռներ Լիբանանէն ուղարկուած են սուրիական ընդդիմութեան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ յայտնեց, որ քաղաքական իւրաքանչիւր ուժ պէտք է Լիբանանի շահերը առաջնահերթութիւն նկատէ:
ՓՈՒՌԵՐՈՒ սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Անիս Պշարա յայտնեց, որ փուռերը պիտի ուղղուին ընդհանուր գործադուլի, եթէ ալիւրի թոնին սակը կարելի չըլլայ ճշդել:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան 30 միլիոն եւրօ տրամադրած է, որովհետեւ կառավարական այս կազմը Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանած է:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը լիբանանեան բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը տեղեակ պահած է, թէ անոնց նիւթական կարիքները յառաջիկայ երկու ամսուան ընթացքին պիտի հոգայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ կուսակցութիւններու հանդիպումը պահանջեց լուծել Լիբանանի տնտեսական տագնապը եւ բարելաւել լիբանանցի քաղաքացիին գնման կարողութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ընկերվար կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց Ֆրանսայի մէջ ապրող լիբանանեան գաղութին յառաջիկայ 6 մայիսին քուէարկելու ի նպաստ Ֆրանսուա Հոլլանտի:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Զիատ Քատիրի յայտնեց, որ Հըզպալլայի պարտականութիւնը իրանեան է եւ Լիբանան երբեք պիտի չվերադառնայ Սուրիոյ ձեռքին մէջ խաղաթուղթ մը ըլլալու իր դիրքին:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ատնան Արաքժի խստիւ դատապարտեց լիբանանեան ներքին հարցերուն ամերիկեան միջամտութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պաշտօնական աղբիւրներ քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանան կատարուած ամերիկեան այցելութիւնը զուտ քաղաքական էր, մինչդեռ իրանեանը` զուտ տնտեսական:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն հաւանական նկատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն համար որդեգրուի 1960-ի ընտրական օրէնքը` որոշ փոփոխութիւններով: Ան դիտել տուաւ, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած օրէնքը արդէն իսկ ձախողած է:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, յառաջիկայ կիրակի օր նախկին վարչապետ, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի արտասանելիք պատկերասփռուած ճառը պիտի ըլլայ բարձր մակարդակի եւ անսովոր:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Ճեֆրի Ֆելթման ընդգծած է, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է կատարուին իրենց ճշդուած ժամանակին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի վարուելակերպը մտածել կու տայ, որ ինք մաս կը կազմէ Լիբանանի մէջ գործող սուրիական գաղտնի սպասարկութեան գրասենեակի մը անձնակազմին:

