Մանսուր Ընդունեց Ռուսիոյ Դեսպանը

Նախարար Մանսուր եւ դեսպան Զասպիքին

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու լիբանանեան եւ սուրիական իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Զասպիքին յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման առումով անհրաժեշտ է զօրակցիլ միջազգային պատուիրակ Քոֆի Անանի նախաձեռնութեան:

Ան կոչ ուղղեց վերջ տալու սուրիական ընդդիմութեան զինումին, ֆինանսաւորումին եւ հրահրումին:

Զասպիքին ողջունեց լիբանանեան ջուրերուն ընդմէջէն զէնք փոխադրող նաւը գրաւելու իրագործումը` մաղթելով, որ այդ մասին բացուած հետաքննութիւնը կարենայ ճշդել այդ արարքին պատասխանատուները:

Ռուսիոյ դեսպանը հաստատեց, որ Մոսկուա դէմ է Սուրիոյ մէջ զինուորական լուծումին:

 

Share this Article
CATEGORIES