Պապ Թըպպանէի Մէջ Բախումներ Չեն Արձանագրուած

Զօր. Քահուաժի եւ Սուրիոյ դեսպանը

Լիբանանեան բանակի հաղորդագրութեան համաձայն, Պապ Թըպպանէի մէջ բանակը շրջանի բնակչութեան հետ բախումներ չէ ունեցած, այլ` ձերբակալած է յանցագործ մը, որ բանակին եւ դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած է:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակը այդ ձերբակալումը կատարած է երէկ առաւօտեան ժամը 4:00-ին:

Միւս կողմէ, անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, լիբանանեան բանակը բողոքած է հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ 65 սանթիմեթր դէպի Լիբանան ներթափանցումը` պատրուակելով սահմանամերձ շրջանին մէջ պատ մը հիւսելու աշխատանքը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ սուրիական իրադարձութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES