Ղոսըն. «Զէնքեր Փոխադրող Նաւուն Մասին Հետաքննութիւնը Ընթացքի Մէջ Է»

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ զէնք փոխադրող նաւուն մասին բացուած հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է եւ բաւական յառաջդիմած է յանցագործները, պատասխանատուներն ու մեղսակիցները բացայայտելու առումով:

Ղոսըն կոչ ուղղեց առիթ տալու, որ հետաքննութիւնները շարունակուին` աւելցնելով, որ արգիլուած է հետաքննութիւնը իր ընթացքէն շեղել եւ անոր անճիշդ մեկնաբանութիւններ տալ:

Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ հետաքննութիւնը իր ճշգրիտ ուղիէն շեղելու առանցքը ձախող դուրս պիտի գայ:

Միւս կողմէ, հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ լիբանանեան բանակը Լիբանանի հսկող աչքն է եւ միակն է, որ կրնայ պահպանել Լիբանանի սահմանները եւ ձախողեցնել սադրանքները` ամրապնդելու երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

«Լիբանանեան պետութիւնը պատասխանատու է բանակին ապահովելու քաղաքական եւ նիւթական զօրակցութիւն, որպէսզի բանակը կարենայ իր պարտականութիւնները լիովին կատարել ամբողջ Լիբանանի տարածքին», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

ՄԻՒՍ կողմէ, զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր զէնք փոխադրող «Լութֆալլա 2» նաւուն թղթածրարին առումով ամբաստանեց 21 անհատ:

 

Share this Article
CATEGORIES