Փոխվարչապետը Այցելեց Աուտէ Եպիսկոպոսին

Փոխվարչապետ Մուքպել եւ Աուտէ եպիսկոպոս

Փոխվարչապետ Սեմիր Մուքպել երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց համայնքին վերաբերող շարք մը հարցեր:

Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Մուքպել կոչ ուղղեց վերջ տալու հանրապետութեան նախագահին դէմ գործուող ցեխարձակումներուն եւ անոր դերակատարութիւնը լուսանցքայնացնելու փորձերուն: Ան հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահը երկրին խորհրդանիշն է, եւ եթէ ոմանք կը փափաքին ընտրապայքարներ մղել, ապա պէտք չունին հանրապետութեան նախագահը թիրախ դարձնելու:

Անդրադառնալով նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ 8,900 միլիառ լ. ոսկիի թղթածրարին ստորագրութիւնը մերժելու կեցուածքին` Մուքպել հաստատեց, որ նախագահ Սլէյման լիբանանցիներուն երկփեղկումը արմատացնող եւ խորացնող ոչ մէկ փաստաթուղթ պիտի ստորագրէ:

Share this Article
CATEGORIES