«Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին Ճշդուած Ժամկէտին» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Նախագահ Սլէյման` նախագահական պալատի լրագրողներուն հետ

Մամլոյ ազատութեան եւ նահատակ լրագրողներու տօներուն առիթով` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ զրոյց մը ունեցաւ նախագահական պալատի լրագրողներուն հետ:

Զրոյցին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ ինք կը մերժէ ստորագրել 8,900 միլիառ լ. ոսկիի թղթածրարը, որովհետեւ անիկա հակասահմանադրական է եւ օրինական իմաստով բացթողումներ կը բովանդակէ:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ ինք երեսփոխանական ընտրութիւններու հարցը չէ քննարկած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանի հետ:

Ան նշեց, որ Ֆելթմանի հետ ինք քննարկած է Պաղտատի մէջ գումարուած Արաբական լիկայի վեհաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքն ու Սուրիոյ իրադարձութիւնները:

Անդրադառնալով զէնք եւ զինամթերք փոխադրող գրաւուած նաւու հարցին` նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ այդ մասին հետաքննութիւնները ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ Լիբանան Սուրիոյ դէմ գործողութիւններ կատարելու ու սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու խարիսխ մը չէ եւ չի կրնար ըլլալ:

Այս շրջագիծին մէջ նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ ինք համոզուած է, թէ այդ նաւուն առաքման մէջ Ծոցի երկիրները ներդրում չունին:

Ան ընդգծեց Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ չէզոք կեցուածք ունենալու Լիբանանի նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշգրիտ թուականին` յոյս յայտնելով, որ արտերկրի լիբանանցիները իրենց կարգին իրաւունք ունենան մասնակցելու ընտրութիւններուն:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց նաեւ միջլիբանանեան ազգային երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ ելեւմուտքի նախկին նախարար Տեմիանոս Քաթթար, Իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Նուհատ Ժապըր, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն Էտմոն Ֆատել, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի:

 

Share this Article
CATEGORIES