«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակին Մէջ Ֆրանսան Եւրոպական Միութեամբ Փոխարինելու Մասին Եւրոպական Խորհրդարանի Առաջարկը Պիտի Չընդունուի» Կ՛Ըսէ Քազիմիրով

Վլատիմիր Քազիմիրով

Ռուս դիւանագէտներու ընկերակցութեան նախագահի տեղակալ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախկին համանախագահ (1992-1996) Վլատիմիր Քազիմիրով, խօսելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի մէջ Ֆրանսան Եւրոպական Միութեամբ փոխարինելու Եւրոպական խորհրդարանի մասին, «ՓանԱՐՄԻՆԻԸՆ» կայքէջին յայտած է, որ «իրականութեան մէջ ես այդ առաջարկը որդեգրելի չեմ նկատեր: Հազիւ թէ ատիկա կարելի է: Նախորդ 15 տարուան ընթացքին երեք համանախագահներ բաւական խորամուխ եղած են խնդիրին մէջ, իսկ այդ խնդիրին միացնել այնպիսի հաւաքական մարմին, ինչպիսին Եւրոպական Միութիւնն է, կը նշանակէ ընդգրկել «նորեկ մը, որ պէտք է զերոյէն ուսումնասիրէ խնդիրը:

«Տագնապին մասին ընդհանուր դատողութիւնը մէկ բան է, մանրամասնութիւններու առարկայական իմացութիւնը` մէկ այլ բան: Ատոնք բոլորվին տարբեր բաներ են: Պէտք է հաշուի առնել, որ Եւրոպական Միութիւնը հաւաքական մարմին է: Մինսքի խմբակի 9 միջնորդներուն հետ աշխատանքը մէկ բան է: Իսկ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ենթադրէ աւելի քան քսան միջնորդներու հետ աշխատանք: Ես կը կարծեմ, որ ատիկա չորդեգրուելիք առաջարկ է: Ես գիտեմ, որ ազրպէյճանական կողմը կը վերաբերի Ֆրանսան Թուրքիայով փոխարինելով: Արդեօք հասկնալի չէ՞, որ նման փոփոխութիւնները կը պահանջեն տագնապի բոլոր կողմերուն համաձայնութիւնը, իսկ երկու հայկական կողմերը Թուրքիոյ դէմ պիտի ըլլան: Ազրպէյճան կը կարծէ, որ իր կամքին համեմատ որոշում կ՛ընդունի, սակայն չի մտածեր այն մասին, թէ միւսները ի՛նչ կարծիք ունին»:

Share this Article
CATEGORIES